ՀՅԴ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին հետ
Մայիս 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն` Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին (Գանադա),Կարին Յարութիւնեանին (Գանատա-հայաստան), Սթիւ Տէտէյեանին (Արեւմտեան Ամերիկա), Վաչէ Շամլեանին (Գանատա), Վահէ Թորոսեանին (Իրան), Վերա Եագուպեանին (Լիբանան):
Ողջունելով հիւրերը` Հ. Յակոբեանը մեծապէս արժեւորեց ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հայանպաստ գործունէութիւնը եւ մասնաւորապէս`այս անհանգիստ եւ տագնապալի օրերուն Հայրենիքի հետ ըլլալու եւ անոր օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց, “Վստահ եմ, որ ԼՂՀ կարգաւորման խնդիրը եւս համահայկական մեծ աւանդ ունեցող կառոյցի մամենօրեայ հոգածութեան առարկայ է եւ այս օրերուն անպայման Արցախ պիտի գտնուէր: Համոզուած եմ որ ձեր ներկայութիւնը ոգեւորող էր”:
Խօսելով օրերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ դատի յանձնախումբերու համաժողովի մասին` Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին, եւ յաւելցուց. “Մենք ալ ոչ միայն ոգեւորուեցանք, այլեւ 60 մասնակիցներս լիցքաւորուած վերադարձանք Երեւան: Կարծեմ, որ ժողովը Արցախի մէջ անցնելը կարեւոր էր”:
ՀՅԴ Հայ դատի ներկայացուցիչները նախարարին պատմեցին Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւնների մասին:
Քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ անոր հետ առնուած խնդիրներն ու ընելիքները:
Կողմերը խօսեցան Հայաստանի եւ Գանատայի մէջ հաստատուած սուրիահայերու խնդիրներու մասին, եւ ճշտուեցան աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցերը:
Հայ դատի յանձնախումբը ՀՅԴ կուսակցութեան հասարակական աշխատանքներու եւ կառավարական յարաբերութիւններու ազգային յանձնախումբն է: Հիմնուած է 1941 թուականին Նիւ Եորքի մէջ: Կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդի պահանջներն ու ազգային ձգտումները, կը ներկայացնէ հայութեան տեսակէտները բոլոր մակարդակներով` իր գլխաւոր խնդիրը համարելով հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումը: Հայ դատը միջազգային հարթակներուն կ’իրականացնէ հսկայածաւալ լոբբիստական աշխատանքներ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացման եւ Հայկական պահանջատիրութեան ուղղութեամբ:
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն` Հայ դատը առաջիններէն էր, որ արձագանգեց ԼՂՀ ողջ սահմանով սանձազերծուած Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակումներուն եւ ժամեր անց հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ կոչերով` դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպեց բողոքի ցոյցեր: