ՀՅԴ-ն Բանակին Օժանդակելու Հարցով Սփիւռքի Մէջ Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ


Հայ Դատի յանձնախումբերը ու գրասենեակները ապրիլեան մարտական գործողութիւններու վերսկսումէն ետք մեծ թափով սկսած են ամբողջ աշխարհի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու` օրակարգին մէջ ընդգրկելով շարք մը առաջնային, հրատապ հարցեր. այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատրեան, կը յայտնէ «Երկիր» կայքը:

Նշենք, որ Արցախի մէջ աւարտած է 25 երկիրներու 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած` Հայ Դատի յանձնախումբերու համաժողովը: Համաժողովի ծիրէն ներս յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ այլ պաշտօնեաներոի հետ, քննարկուած են ապրիլեան պատերազմին, Արցախի ճանաչմանը վերաբերող հարցեր:

Տէր Խաչատրեանի խօսքով` իրենց կարեւոր ընելիքներէն է Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարը: «Ատրպէյճանը միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ մեծ հեղինակութիւն վայելող միջազգային պարբերականներու միջոցով տեղեկատուական պատերազմին մէջ նախայարձակ ըլլալու համար»,- նշած է ան: «Պէտք չէ թերագնահատել ատրպէյճանական եւ թրքական այն զանգուածը, որ արտասահմանի մէջ հակահայկական գործունէութիւն կը կատարէ»,- ըսած է Տէր-խաչատրեան` նշելով, որ իրենք պէտք է մեծ թափով պայքարին ատոր դէմ:

Համաժողովի ընթացքին քննարկուած կարեւոր հարցերէն է նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, ԼՂՀ-ի` օտար պետութիւններու կողմէ ճանաչման խնդիրը: Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահին խօսքով` ներկայիս ՀՅԴ միջազգային կառոյցները ջանքեր կը գործադրեն Սփիւռքի հայութիւնը ոտքի հանելու եւ նիւթական միջոցներով հանգանակութիւններ կատարելու ուղղութեամբ, որպէսզի ստեղծուի հիմնադրամ, որ պիտի կարենայ զօրակցիլ Հայոց բանակին:

«ՀՅԴ-ի համար առաջնային խնդիր է ԼՂՀ ճանաչման հարցը, հիմնական հարցը Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի հզօրացումն է, ռազմավարական դաշնակիցի ճշդումը, որպէսզի Արցախի պաշտպանութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ համաժողովի ընթացքին քննարկուած է նաեւ սուրիահայերուն վերաբերող խնդիրը: Միրջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան նշած է որ քննարկուած է սուրիահայերը Արցախի մէջ բնակեցնելու հարցը: «Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ գիւղերու մէջ սուրիահայերու վերաբնակեցման հարցը կը քննարկուի սուրիահայերու հետ, մարդիկ կան, որոնք ցանկութիւն ունին Արցախ հաստատուելու, սակայն այդ ընտանիքները մեծ թիւ չեն կազմեր»,-ըսած է ան` նշելով, որ եթէ Սուրիոյ ճգնաժամը շարունակուի, Արցախի մէջ բնակիլ ցանկացողներուն թիւը կրնայ աւելնալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.