Աւարտած Է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Ֆրանսական Օրինագիծի Մշակման Աշխատանքները
Եւրոդատարանի նախկին նախագահ Ժան- Փոլ Քոսթան արդէն աւարտած է Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մշակման աշխատանքները: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրադ Փափազեան:
«Այժմ մենք արդէն աշխատանքային ժողովներ կ’իրականացնենք: Երբ վերջացնենք փորձագիտական աշխատանքները, պարզ կ’ըլլայ` այս օրէնքը կրնաք ներկայացնել խորհրդարան, թէ ոչ: Մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ սահմանադրական ուժ կ’ունենայ այս օրինագիծը, թէ ոչ,- ըսաւ Մուրադ Փափազեան` նշելով, որ այս փուլը կ’աւարտեն մինչեւ Մայիսի վերջը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնքի ընդունման հարցը: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մշակման աշխատանքները կը կատարէ Եւրոդատարանի նախկին նախագահ Ժան- Փոլ Քոսթան: