Կիրօ Մանոյեան. «Տարածքներու Յանձնման Տարբերակը Դաշնակցութեան Համար Անընդունելի Է»


ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածիր ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան արձագանգին` հաստատած է, որ աշխատանքները պէտք է շարունակել եւ փորձել սիրաշահիլ քաղաքական տարբեր շրջանակներ:

«Մինչեւ հիմա բաւարար դրական արդիւնք չկայ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք չէ շարունակենք աշխատանքները: Ո՛չ, պէտք է շարունակենք, բայց պիտի անդրադառնանք անոր, որ ինչ որ շահեր կան եւ, այդ շահերէն մեկնելով է, որ շատ քաղաքական ուժեր կ՛առաջնորդուին: Ազրպէյճանի հետ շահ, Թուրքիոյ հետ շահ, տարբեր  շահերէ կրնան մեկնիլ, բայց անհրաժեշտ է, որ մենք մեր աշխատանքները շարունակենք` ցոյց տալու համար, այս ամբողջ իրավիճակը որո՛ւն մեղքով է», ըսած է Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայկական կողմին որդեգրած քաղաքականութիւնը որքանո՞վ արդիւնաւէտ է, եւ աւելի շահաւոր չէ՞ր ըլլար, որ մենք յարձակողական դիրք որդեգրէինք` Մանոյեան ըսած է. «Ես  այս մասին  մասնաւոր կարծիք չունիմ, բայց քաղաքական քայլերը, որոնք յայտարարուեցան, անհրաժեշտ են: Անկախ զինադադարէն` մենք դիւանագիտական տեսանկիւնէն ալ պէտք է համարժէք  պատասխանենք, այսինքն` այն, ինչ որ նախագահը յայտարարեց, պէտք է  գործադրուի»:

Լրագրողը ուզած է Կ. Մանոյեանին տեսակէտը ունենալ նաեւ ռուսական յայտնի «Նորութիւններ» պարբերականին մէջ տեղ գտած այն հրապարակման մասին, որուն մէջ նշուած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է անձամբ համոզել երկու կողմի քաղաքական գործիչները` փոխզիջման անհրաժեշտութեամբ: Պարբերականին համաձայն, տագնապի լուծման ռուսական ծրագիրը հետեւեալն է` վերադարձնել Ազրպէյճանի տարածքին մէկ մասը, խաղաղապահներ տեղադրել տագնապի գօտիին մէջ, վերադարձնել գաղթականները եւ օրինաւորել Ղարաբաղը (այսինքն` ապահովել սահմաններու բաց ըլլալը եւ վերականգնել տնտեսական կապերը), այնուհետեւ, երբ կիրքերը հանդարտին, հանրաքուէ կայացնել:

«Նախ` վստահ չեմ, որ ատիկա իրականութիւն է, այսինքն` վստահ չեմ, որ այդպէս պիտի ըլլայ,  բայց որ անհրաժեշտ է` մեր  որոշածներն ու յայտարարածները գործադրենք, որպէսզի նման  կացութիւններու առջեւ  չյայտնուինք: Կը կարծեմ`  նոր տարբերակ չէ այս տարբերակը, որուն մասին լրատուամիջոցները կը խօսին:  Այդպիսի տարբերակը, բնականաբար, անընդունելի է, Դաշնակցութեան համար ատիկա անընդունելի է», հաստատած է ան:

Մանոյեան նշած է նաեւ, որ չի բացառեր լայնածիր զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը: «Չի բացառուիր, որ աւելի լայնածիր գործողութիւններու սկիզբը տեսնենք, ես որքան որ կարդացած եւ հետեւած եմ, դիմացի կողմը աւելիով զօրք կը հաւաքէ», դիտել տուած է ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն անդրադարձած է նաեւ շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու հաւանական ներկայութեան: «Յատկապէս ռուս խաղաղապահներուն ներկայութիւնը, կը կարծեմ, անհասկնալի պիտի ըլլայ, որովհետեւ նախ` խաղաղապահներուն վստահիլը անվտանգութեան հարց է, մեծ խնդիր է, աշխարհի ոչ մէկ վայրի մէջ խաղաղապահները չեն կրցած որեւէ մէկը պաշտպանել, լաւագոյն պարագային իրենք զիրենք կը պաշտպանեն: Երկրորդ` ռուսական ուժերու մուտքը կրնայ նաեւ դուռ բանալ այլ դրացիներու  ցանկութիւններուն առջեւ, օրինակ` Թուրքիոյ», ըսած է ան:

Կիրօ Մանոյեան յայտնած է նաեւ, որ զինադադարի նոր համաձայնագիրի կնքման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ: «Եղածը արդէն կը խախտեն, նորը ստորագրեն, որ ի՞նչ», հարցուցած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.