Թորոնթոհայութիւնը Արցախի զօրակցութեան իր ձայնը բարձրացուց
Ի տես 1994-ի զինադուլէն ի վեր առաջին լայնածաւալ եւ լուրջ յարձակումներուն, Կիրակի 10 Ապրիլին, բազմահարիւր թորոնթոհայեր Հայ զինուորին եւ Արցախահայութեան իրենց զօրակցութեան ձայնը միացուցին Հայրենիքի եւ սփիւռքի հայրենակիցներուն:
Ձեռնարկը վարեց Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ՝ ընկ. Խաժակ Գուլաճեան, որ յայտնեց թէ թրքական բացայայտ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճան, իբրեւ նախայարձակ երկիր, ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի անզէն ժողովուրդին պատճառած իր մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար: Գուլաճեան հաստատեց, որ Թորոնթոհայութիւնը, որ ղարաբաղեան պայքարի առաջին օրէն գտնուած է համահայկական պայքարի ու յանձնառութեան դիրքերուն վրայ, ամբողջանուէր կերպով կը զօրակցի 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականութեան, բանակին եւ ընկրկում չճանչցող ժողովուրդին:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ՝ ընկ. Յակոբ Ճանպազեան, որ իր կարգին փոխանցեց թէ անցնող 25 տարիներուն, համայն հայութեան ջանքերով կերտուած եւ պահպանուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնց յաղթահարումը բոլորէս կը պահանջէ միասնակամ ու արտակարգ զօրակցութիւն: Ճանպազեան վերյիշեցուց որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այս պատերազմին մէջ առանձին չէ, այլ իր կողքին ունի աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը: Ճանպազեան դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վրայ սանձազերծուած թրքական բացայայտ զօրակցութիւնը վայելող ազրպէյճանական վայրագ յարձակումները, որոնք թիրախ դարձուցին Արցախի բնակելի տարածքները:
Ապա ներկայացուց ԼՂՀ Փոխ Վարչապետ, Գեներալ-Լութէնանթ Ընկեր Արթուր Աղաբէկեանը, որ ուղիղ եթեր կապուեցաւ Արցախեան սահմանէն: Ընկեր Աղաբէկեան լայնօրէն անդրադարձաւ անցնող դէպքերուն, եւ հայ բանակին յառաջխաղացքներուն,եւ յաղթանակի յոյս ներշնչեց ու ոգեւորեց ներկաները, որոնք յոտնկայս ծափողջիւններով ու ջերմագին քաջալերանքներով ու մաղթանքներով հրաժեշտ տուին ընկերոջ:
Ցուցադրուեցաւ Նոր Հայ Հորիզոն պատկերասփիւռի կայանի համադրած տեսերիզը, որ կը պատկերէր հայ զինուորին եւ արցախահայութեան քաջարիութիւնն ու պինդ ու խրոխտ կեցուածքը:
Ձեռնարկի աւարտին, Գուլաճեան փոխանցեց որ թորոնթոհայութիւնը միաժամանակ, պիտի պատրաստուի Ապրիլեան միացեալ ոգեկոչման` Հայ դատի հանդէպ իրենց անշեղ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու եւ արդար պահանջատիրութեան երթը շարունակելու համար:
Ապա, հոգեւոր պետերու առաջնորդութեամբ, բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշարձան ուր տեղի ունեցաւ մեր նորօրեայ նահատակներու յիշատակի աղօթք եւ զետեղուեցաւ յարգանքի ծաղկեպսակը: