ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը


Անցեալ մօտ երկու տարիներու ընթացքին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն հետզհետէ սաստկացող յաճախակի յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի սահմանապահ ուժերուն վրայնաեւ հայրենի սահմանամերձ գիւղերն ալ ունենալով որպէս թիրախկը դառնան աւելի յաճախակի ու վայրագ։

Այս շաբաթավերջին, ծանր հրետանիի, հրասայլերու եւ օդուժի համադրեալ գործողութիւններով, կրկին նախայարձակ հանդիսացան Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, վտանգելով զինադադարի, արդէն իսկ տատանող իրավիճակը։ Գոհանանք ըսելով, թէ անոնք, մարդկային թէ նիւթական մե՛ծ վնասներ կրելով, ստացան իրենց արժանի պատասխանը՝ բաղխելով հայկական ուժերու աննկուն դիմադրութեան։

Որպէս Համահայկական միջազգային տարածքով գործունեայ մարդասիրական ու բարեսիրական կազմակերպութիւն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հիմնուած Միջազգային Կարմիր Խաչի սկզբունքներուն եւ Միացեալ Ազգելու Կազմակերպութեան ընկալած Մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան, ու քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական ըմբռնումներուն վրայ, չե՛նք կրնար անտարբեր մնալ, ի տես դպրոցական մանուկներու եւ անվնաս ու խաղաղ բնակավայրերու վրայ կատարուող մահասփիւռ ռմբակոծումներուն։

Միաձայնօրէ՛ն կը դատապարտենք Հայ բնակչութեան դէմ ի գործ դրուող այս զինեալ ոտնձգութիւնները որոնց զոհերուն թիւը օր ըստ օրէ կ՚աւելնայ։ Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր միջազգային, պետական թէ ո՛չպետական մարմիններուն, որ յայտնեն իրենց ընդվզումը՝ ի տես այսօրինակ նպատակադրեա՛լ արիւնահեղութիւններու։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.