Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը ձախողութեան մատնեց ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան փորձը
Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու դրօշակներով ու յունարէն լեզուով պաստառներով, բողոքի հաւաք մը կատարեցին Երկուշաբթի 22 Փետրուարի կէսօրէ ետքը, Աթէնքի «Իտէալ» շարժապատկերի սրահին առջեւ, պատմական ճշմարտութեան պահանջքը բարձրաձայնելով, Խոջալուի դէպքերու ազերիական ապատեղեկատուութեան դէմ։
Ցոյցը կազմակերպուեցաւ հակազդելու համար Աթէնքի «Իտէալ» շարժապատկերին մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ տեղի ունեցած Խոջալուի դէպքերու մասին ժապաւէնի մը ցուցադրութեան, ներկայութեամբ Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին։ Հակառակ, որ հելլէն մամուլին մէջ յայտարարութիւններ եւ ծանուցումներ լոյս տեսած էին այս ձեռնարկին քարոզչութիւնը կատարելու նպատակով, այսուհանդերձ՝ հազիւ 7-8 տասնեակ մարդ (անոնք ալ դեսպանատան շրջանակներու մարդիկ) ներկայ գտնուեցան ժապաւէնի ցուցադրութեան։
Ինչպէս բացայայտ է բոլորին, ատրպէյճանական կողմը, ի գործ դրած է, տարին անգամ մը միջոցառման մը կազմակերպումը, իր բաշխած առատ գումարներու ճամբով, որոնց շնորհիւ կը փորձէ գնել լրագրողներ, քաղաքական կամք, «մասնագէտ» գիտաշխատողներ, ուսանողներ եւայլն, Պաքու հրաւիրելով, արձակուրդներու եւ կրթաթոշակներու ծախսեր հոգալով եւ այլ միջոցներով։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները, կանուխէն վայր հասած էին եւ անցորդներուն կը բաժնէին Խոջալուի դէպքերու ճշմարտութիւնը բացայայտող յատկապէս պատրաստուած յունալեզու պրակ մը։ Հելլէն ոստիկանութեան ուժերը սակայն,-ըստ երեւոյթին նախապէս զգուշացուած ըլլալով Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ- արգելք հանդիսացան երիտասարդական ցոյցին, մեր երիտարդներուն ստիպելով հեռանալ շարժապատկերի մուտքին առջեւէն։
Անոնք սակայն, քիչ մը անդին քաշուելով, պարզեցին դրօշակներն ու պաստառները եւ խաղաղ բողոքը շարունակեցին, մերկացնելով թուրք-ատրպէյճանական սուտերը եւ վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի արդար դատին զօրակցելու հայ երիտասարդութեան յանձնառութիւնը։ Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը շատ լաւ հասկցած է, թէ իր բոլոր ձեռնարկները դատապարտուած են ձախողելու, քանի որ իրենց առջեւ պիտի գտնուի միշտ հայութիւնը՝ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու նպատակով։