Եթէ Պատերազմ Ըլլայ, Ատրպէյճանը Ամբողջովին Կ’ոչնչանայ.Քոմանտոս


Եթէ ղարաբաղեան հարցի պատճառով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ մեծ կռիւ ըլլայ, ատիկա կը յանգեցնէ Ատրպէյճանի միակողմանի ոչնչացման: yerkir.am-ի փոխանցմամբ Փետրուար 3-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից, զօրավար գնդապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանը (Քոմանտոս):

Անոր խօսքով, ասիկա նաեւ շատ փորձագէտներու, Ատրպէյճանի դաշնակիցներուն ու Թուրքիոյ տեսակէտն է: «Մենք պատերազմ չենք ուզում, բայց Ատրպէյճանը կարող է աւանտիւրայի (արկածախնդրութեան) գնալ: Հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքը` մենք կարող ենք հասցնել ու կը հասցնենք կանխիչ հարուած»,- շեշտած է Արկադի Տէր Թադեւոսեան:

Քոմանտոս նաեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի մէջ շատ բարդ իրավիճակ ձեւաւորուած է ազգային փոքրամասնութիւններու դրութեան մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.