Սօսէ Մայրիկ. Յեղափոխական Հայուհիի Դաշնակցական Տիպարը


9 ­Փետ­րո­ւա­րին կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման եւ, ընդ­հան­րա­պէս, հա­յոց պատ­մու­թեան ե­զա­կի դէմ­քե­րէն ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կի։

Ազ­գա­յին մեր ինք­նու­թեան եւ հպար­տու­թեան ներշնչման աղ­բիւր­նե­րէն է ­Սօ­սէ ­Մայ­րիկ՝ իր մարմ­նա­ւո­րած յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հիի տի­պա­րով եւ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կած պատ­գա­մով։

Սօ­սէ ­Մայ­րի­կին նո­ւի­րո­ւած են շատ սրտա­բուխ եր­գեր ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին Ա­նուշ Գ­րի­գո­րեա­նի քեր­թո­ւա­ծէն առ­նո­ւած հե­տե­ւեալ տո­ղե­րով կ­՚ոգե­կո­չենք ա­նոր հե­րո­սա­կան կեր­պա­րը.-

«­Հա­ւատքն իր հո­գում՝ զար­կեց, զար­կ ը­ւաւ հե­րոս հա­յու­հին,

«­Մեր հայ­րե­նի­քի սուրբ ա­զա­տու­թեան ա­րիւ­նոտ ճամ­բին,

«Կռռ­ւե­լով ան­ցաւ չքնաղ ու սի­րուն ­Սօ­սէ ֆե­տա­յին…»։

63 տա­րի ա­ռաջ՝ 9 ­Փետ­րո­ւար 1953-ի այս օ­րը, Ե­գիպ­տո­սի Ա­ղեք­սանդ­րիա քա­ղա­քին մէջ, խոր ծե­րու­թեան հա­սած՝ իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի դիւ­ցազ­նու­հին՝ Աղ­բիւր ­Սօ­սէն։

Սօ­սէ ­Մայ­րիկ հայ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­ռիւ­ծին՝ ­Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի (­Վար­դա­նեան) կինն էր։ Ծ­նած էր 1868-ին (կամ 1869-ին) ­Սա­սուն, ­Նեմ­րութ լե­րան փէ­շե­րուն գտնո­ւող ­Թե­ղուտ գիւ­ղը, բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի տէր ­Մար­գար Դ­րօ-Աս­տան­տու­րի յար­կին տակ։

Հա­զիւ պար­մա­նու­հի, 13 տա­րե­կա­նին, ­Սաս­նոյ հա­յե­րու ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, ծնող­քը ու­զեց ա­մուս­նաց­նել ­Սօ­սէն։ ­Բարձ­րա­հա­սակ եւ գե­ղա­դէմ՝ ­Սօ­սէ ըմ­բոս­տաց­ման իր ա­ռա­ջին եւ բախ­տո­րոշ քայ­լը կա­տա­րեց, երբ ծնող­քին ա­ռա­ջար­կած թեկ­նա­ծու­նե­րը մեր­ժե­լով՝ ու­զեց իր կեան­քը կա­պել Խ­չէենց Սե­րո­բի հետ, ո­րուն անձ­նո­ւի­րու­թիւնն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը ներշնչ­ման աղ­բիւր ե­ղած էր յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­հիին հա­մար։

Ինչ­պէս որ ­Սօ­սէ հե­տա­գա­յին պի­տի պատ­մէր իր «Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան» մէջ՝

«­Սե­րո­բի ա­նու­նը բո­լո­րի շրթունք­նե­րուն վրայ էր, բո­լո­րին սի­րե­լի: Ա­նի­կա շատ յա­ճախ կու­գար մեր տու­նը եւ կ’ըլ­լար եղ­բայր­նե­րուս հետ:

«­Սե­րո­բը գե­ղե­ցիկ տղա­մարդ մըն էր, բարձ­րա­հա­սակ, հուժ­կու եւ ա­րա­գա­շարժ: ­Վար­մուն­քի մէջ շատ լուրջ եւ խօս­քի մէջ խե­լա­ցի:

«Ես շատ ե­րես ա­ռած աղ­ջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հե­տե­ւա­բար միշտ կը գտնո­ւէի տղա­մար­դոց մէջ եւ հա­մար­ձա­կու­թեամբ կը խօ­սէի բո­լո­րին հետ:

«­Մեր գիւ­ղէն քա­նի մը ըն­տա­նիք­ներ կ’ու­զէին կա­նու­խէն նշան մը կա­պել մեր տան հետ, որ­պէս­զի զիս հարս տա­նին: Ես միշտ հա­մար­ձա­կու­թեամբ կը մեր­ժէի, եւ հօ­րեղ­բայր­ներս ալ իմ կամ­քը կը կա­տա­րէին:

«Ան­գամ մը հօ­րեղ­բայր­ներս, նո­րէն կա­տա­կով, ու­զե­ցին գիտ­նալ, թէ ես ո­րո՞ւն հետ նշա­նո­ւիլ կ’ու­զեմ: Այդ օ­րը ­Սե­րոբ ալ եղ­բայր­նե­րուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղ­բօրս ը­սի.

«-Ե­թէ նշա­նո­ւիմ, ­Սե­րո­բին հետ կ’ու­զեմ նշա­նո­ւիլ: ­Բո­լորն ալ խնդա­ցին: ­Սե­րոբն ալ խնդաց: ­Բայց քիչ յե­տոյ լրջա­ցաւ, լռեց եւ հաց ու­տե­լէ յե­տոյ մեկ­նե­ցաւ:

«­Քա­նի մը ա­միս հա­զիւ ան­ցած էր այդ խօս­քի վրայ, երբ ­Սե­րո­բի տու­նէն ­Մը­խէն ե­կաւ իմ նշա­նը դնե­լու: ­Կա­տա­կը լուր­ջի փո­խո­ւե­ցաւ:

«1881-ին (ե­թէ չեմ սխա­լիր) ես եւ ­Սե­րոբ ա­մուս­նա­ցանք: Ես տաս­նե­ւե­րեք տա­րե­կան էի: Եր­կու տա­րի յե­տոյ ու­նե­ցայ ա­ռա­ջին զա­ւակս, ­Յա­կո­բը»:

Քր­տա­կան եւ թրքա­կան ա­նի­րա­ւու­թեանց ու շա­հա­տա­կու­թեանց դէմ հայ­կա­կան ըմ­բոս­տաց­ման ա­ռա­ջին բռնկում­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հա­մար պանդխ­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր։

Սո­խորդ գիւ­ղի բնա­կիչ ­Վար­դա­նեան­նե­րու տու­նը եւս ճա­շա­կեց պանդխ­տու­թեան դառ­նու­թիւ­նը, երբ 1890-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը, կնոջն ու անդ­րա­նիկ զաւ­կին՝ ­Յա­կո­բին ա­ռան­ձին թո­ղած, ­Սե­րոբ գնաց պանդխ­տու­թեան։

Սե­րո­բի բա­ցա­կա­յու­թեան՝ ­Սօ­սէ իր ու­սե­րուն վրայ վեր­ցուց ըն­տա­նե­կան օ­ճա­խի պաշտ­պա­նու­թեան հո­գը, ի հար­կին նաեւ զէն­քով ծա­ռա­նա­լով քրտա­կան ա­ռօ­րեայ գո­ղու­թեանց փոր­ձե­րուն դէմ։ Այդ ա­մէ­նը ­Սօ­սէի մէջ կռա­նեց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ո­գին եւ ան լիո­վին պատ­րաստ էր ար­դէն ֆե­տա­յա­կան կեան­քին, երբ 1895-ին ­Սե­րոբ վե­րա­դար­ձաւ պանդխ­տու­թե­նէն՝ ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նի «Տ­ղա՛ք, ա­ռանց հա­ցի մնա­ցէք, ա­ռանց զէն­քի մի մնաք» յոր­դո­րով պայ­քա­րի դրօ­շը պար­զե­լուհա­մար իր շրջա­պա­տին։

Սե­րոբ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով ու­ղի բա­ցաւ։ Կ­նոջ ու ար­դէն եր­կու որ­դի­նե­րուն հետ՝իր շուրջ հա­ւա­քած մար­տու­նակ ո­գիով ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը, ­Սե­րոբ իր ու­նե­ցած-չու­նե­ցա­ծը ծա­խեց, զէնք ու զի­նամ­թերք ա­պա­հո­վեց եւ բո­լո­րով բարձ­րա­ցան լեռ­նե­րը։

Հա­զիւ ե­րեք տա­րի տե­ւեց Աղ­բիւր ­Սե­րո­բի ֆե­տա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նը, ո­րուն ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ­Սօ­սէ ոչ միայն կեան­քի մնա­յուն բաժ­նե­կի­ցը, այ­լեւ զէն­քի ան­բա­ժան ըն­կե­րը ե­ղաւ ­Տա­րօ­նի Ա­ռիւ­ծին։

Գիւ­ղէ գիւղ եւ քրտա­կան հրո­սակ­նե­րու թէ թրքա­կան զօր­քե­րու դէմ կռի­ւէ կռիւ, ­Սե­րոբ Աղ­բիւր յե­ղա­փո­խու­թեան բո­ցով պայ­քա­րի հա­նեց ողջ ­Տա­րօ­նի աշ­խար­հը՝ ար­ժա­նա­նա­լով ժո­ղովր­դա­կան ու գու­սա­նա­կան բա­զում եր­գե­րու, ո­րոնց մէջ ըստ ար­ժան­ւոյն ֆե­տա­յի հա­յու­հիի իր տե­ղը ու­նե­ցաւ ­Սօ­սէ։

Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հան­գու­ցա­յին ծալ­քե­րէն մէ­կը ե­ղաւ, միա­ժա­մա­նակ, ­Սօ­սէի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ֆե­տա­յա­կան այս բուռն գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման բա­րո­յա­կան օ­րէնք­նե­րով՝ ֆե­տա­յին պէտք չէ ա­մուս­նա­նար, իսկ ե­թէ ար­դէն ա­մուս­նա­ցած էր՝ ըն­տա­նի­քին հրա­ժեշտ պէտք է տար ու անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րո­ւէր ազ­գի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին։ Իբ­րեւ իր ա­տե­նի ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ան­վի­ճե­լի ա­ռաջ­նորդ՝ Աղ­բիւր ­Սե­րոբ իր իսկ զի­նո­ւոր­նե­րուն կող­մէ քննա­դա­տո­ւե­ցաւ Սօ­սէն ու զա­ւակ­նե­րը իր կող­քին պա­հե­լու քայ­լին հա­մար։ ­Բայց զուր ան­ցան ֆե­տա­յա­կան կեան­քէն բաժ­նո­ւե­լու եւ զա­ւակ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լու ի­մաս­տով ­Սօ­սէին ուղ­ղո­ւած նոյ­նիսկ սրտցաւ յոր­դոր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ­Սօ­սէ որ­քան կին էր ու մայր, նոյն­քան ֆե­տա­յի էր ու իբ­րեւ այդ­պի­սին մնաց մին­չեւ 1899-ի այն սեւ ու մուր օ­րը, երբ ­Սե­րոբ դա­ւա­ճա­նու­թեան զոհ գնաց։

Սե­րոբ եւ ­Սօ­սէ թագս­տոց ընտ­րած էին ­Գեա­լի­գիւ­զան գիւ­ղը։ ­Սե­րո­բի գլխուն հա­մար թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց խոս­տա­ցած պար­գեւ­նե­րէն այ­լա­սե­րած՝ հա­յա­նուն մատ­նիչ-դա­ւա­ճան մը ոչ միայն իշ­խա­նու­թեանց տե­ղե­կա­ցուց Աղ­բիւ­րի թագս­տա­ցո­ցը, այ­լեւ՝ իբ­րեւ բա­րե­կա­մի ­Սե­րո­բի հիւ­րըն­կա­լու­թեան ար­ժա­նա­նա­լով, ա­նոր հրամ­ցուց թու­նա­ւոր ծխա­խոտ, որ ան­շար­ժու­թեան մատ­նեց ­Տա­րօ­նի Ա­ռիւ­ծին։

Թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ի­րենց յար­ձա­կու­մը գոր­ծե­ցին, ­Սե­րոբ ա­նուժ էր դի­մադ­րե­լու հա­մար, բայց ­Սօ­սէ, անդ­րա­նիկ զա­ւա­կը՝ ­Յա­կոբ եւ եր­կու եղ­բայր­նե­րը՝ ­Զա­քար ուՄ­խօ հե­րո­սա­բար կռո­ւե­ցան ա­նարգ թշնա­միին դէմ։ ­Սե­րոբ, ­Յա­կոբ զա­ւա­կը եւ ­Սե­րո­բի եր­կու եղ­բայր­նե­րը սպան­նո­ւե­ցան. ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Սօ­սէ։ ­Թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը կտրե­ցին ար­դէն սպան­նո­ւած ­Սե­րո­բի գլու­խը, բայց թուրք հրա­մա­նա­տա­րը թոյլ չտո­ւաւ, որ ձեռք տան ­Սօ­սէին։ ­Վի­րա­ւոր ­Սօ­սէն նախ ա­պա­քի­նու­մի տա­րո­ւե­ցաւ եւ ա­պա բանտ նե­տո­ւե­ցաւ։

Փոքր զա­ւա­կը տա­րին քիւր­տե­րը եւ այ­լեւս չգտնո­ւե­ցաւ ա­նոր հետ­քը։

Մ­նա­ցեա­լը տխուր, դառն ու դա­ժան պատ­մու­թիւնն է հայ դիւ­ցազ­նու­հիին, որ ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րի քայլ առ քայլ հե­տե­ւե­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին։ Ե­ղաւ ­Վան եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, Վաս­պու­րա­կա­նի եւ ­Սա­սու­նի գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դին հետ ան­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր մնաց մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը եւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­լի­քի սաստ­կա­ցու­մին հետ ան­ցաւ ­Պո­լիս՝ հոն­կէ ալ Ա­ղեք­սանդ­րիա, Ե­գիպ­տոս, ուր մին­չեւ մահ մնաց ու ապ­րե­ցաւ Հայկ ­Խա­նա­մի­րեա­նի ըն­տա­նի­քին հետ։

Տա­րա­գիր կեան­քը լե­ցուց Երկ­րի կա­րօ­տով ու ան­խոնջ վկա­յու­թեամբ հե­րո­սա­կան այն պայ­քա­րին մա­սին, որ ի­րեն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ, ­Տա­րօ­նի Ա­ռիւ­ծին կող­քին։

Իր մա­հէն 45 տա­րի ետք, 1998-ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 80-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կի ա­ճիւն­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան հայ­րե­նիք ու ի­րենց վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտան Ե­ռաբ­լու­րի մէջ։

Սօ­սէի տի­պա­րը եւ ա­ւան­դը կը շա­րու­նա­կեն ներշընչ­ման աղ­բիւր մնալ հա­յոց սե­րունդ­նե­րոն հա­մար, ո­րոնք ­Սե­րոբ Աղ­բիւ­րին նո­ւի­րո­ւած ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ծա­նօթ եր­գով՝ ան­պայ­ման ի­րենց գլու­խը կը խո­նար­հեն ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Հա­յու­հիի դաշ­նակ­ցա­կան դէմքն ու շուն­չը մարմ­նա­ւո­րած ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կի յի­շա­տա­կին.-

Գն­դակ ո­րո­տաց ­Նո­յեմ­բեր ամ­սուն,

Պա­շա­րո­ւած ենք մենք, սի­րուն իմ ­Սօ­սէ.

Վեր առ մո­սի­նը, քա­ջու­թիւնն հոս է,

Քո սի­րած ­Սե­րո­բին օրհ­նեալ օրն այս է:

Ձայն տո­ւաւ ­Սօ­սէն՝ ­Սե­րո՛բ ջան հոս եմ,

Զի­նո­ւած պատ­րաս­տո­ւած ձայ­նիդ կը սպա­սեմ.

Քեզ հետ կռո­ւե­լու, քու կող­քին մեռ­նե­լու

Ա­մէն օր, ա­մէն ժամ, պատ­րաստ է ­Սօ­սէն։

 

Ն. Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.