«Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները նոյնպէս պէտք է միանան Հայաստանի» Կ. Մանոյեան

Ատրպէյճանական Turan լրատուամիջոցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է: Հարցազրոյցը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, 2019 Փետրուար 2-ին, «Թուրան» լրատուամիջոցի խմբագիր Շահին ՀաՃիէւի կողմէ: Ան հարցումները ուղղած է ռուսերէնով, իսկ Մանոյեան պատասխանած է հայերէն, թարգմանութիւնը կատարած է լրագրող Տիգրան Յովհաննիսեանը։ Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած տուեալ հարցազրոյցին ձայնագրութիւնը առկայ է, եւ Turan գործակալութիւնը զայն ներկայացուցած է իր հայեցողութեամբ: Հրապարակման մէջ առկայ են անճշդութիւններ եւ այլն: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն՝ խմբագրական որոշ մեկնաբանութիւններով:

«Յունուարի վերջին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան համագումարը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ դաշնակցականներուն համար Ղարաբաղը ամենակարեւոր հարցերէն է, եւ կուսակցութիւնը հակամարտութեան լուծումը կը տեսնէ Հայաստան-Ղարաբաղ միացման մէջ»: Այդ մասին Turan գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Դաշնակցութեան համանախագահ Կիրօ Մանոյեան (ՀՅԴ-ի մէջ համանախագահի պաշտօն չկայ, իսկ Կ. Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն – խմբ.):

«Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միանայ Հայաստանի, քանի որ այն երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ ատրպէյճանի կազմին մէջ: Մեր գլխաւոր նպատակն է ամրագրել Ղարաբաղի այդ կարգավիճակը», ըսած է Մանոյեան:

Անոր խօսքով` Ղարաբաղ անկախացած է 1991-ին` հանրաքուէով: Այդ մէկը տեղի ունեցած է դեռ ԽՍՀՄ-ի (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւն) ժամանակ գործող օրէնքներուն հիման վրայ: «Անկախութիւն հռչակեց նաեւ Ատրպէյճանը: Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային ճանաչումէն ետք Հայաստանի հետ Ղարաբաղի միացման հարցը միայն թեքնիք բնոյթ կ’ունենայ», կը հաւաստիացնէ դաշնակցութեան ղեկավարը (Կ. Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի կազմին մէջ չի զբաղեցներ ներկայացուցիչի կամ նախագահի հանգամանք եւ, ընդհանրապէս, կուսակցութիւնը ունի համախումբ կառավարման համակարգ – խմբ.):

Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս հայկական կողմը կրնայ հասնիլ անոր, եթէ միջազգային հանրութիւնը իրողապէս Ղարաբաղը կը ճանչնայ որպէս Ատրպէյճանի տարածք, Մանոյեան կը պատասխանէ, որ նախ առկայ է Ղարաբաղի՝ մի քանի երկիրներու կողմէ ճանաչման հարցը: «Այդ մէկը հնարաւորութուն կու տայ դիտարկելու Ղարաբաղը որպէս միջազգային իրաւունքի ենթակայ, եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը` չի կրնար խոչընդոտել զայն: Անկէ ետք Ղարաբաղի ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ կը դառնայ միայն ժամանակի հարց», նշած է Մանոյեան:

Հարցումին, թէ արդեօ՞ք անիրական չի համարեր նման տարբերակ, Մանոյեան կը յիշեցնէ Քոսովոյի ճակատագիրը: «Արդէն շարք մը երկիրներ ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը, որ դարձած է միջազգային իրաւունքի ենթակայ` հակառակ Սերպիոյ առարկութեան», ըսած է ան:

Հայկական հասարակութեան ո՞ր մասը կողմ է Հայաստան-Ղարաբաղ միացման: Այս հարցին Մանոյեան պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Հայկական ազգային կոնգրեսի (Լեւոն Տէր Պետրոսյանի կուսակցութիւնն է) դիրքորոշումը այս հարցով չի համընկնիր մեր դիրքորոշման հետ: Սակայն խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ անոնք չեն ստացած ժողովուրդին աջակցութիւնը (այստեղ խօսքը 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է – խմբ.): Միեւնոյն ժամանակ, (խօսքը 2018 Դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է – խմբ.) յաղթած կուսակցութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ քայլը» քաղաքական շարժումը, այս հարցով կ’աջակցի մեր դիրքորոշման», ըսած է դաշնակցականներուն ղեկավարը:

«Այդ պարագային, ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը չանցաւ խորհրդարան»: Մանոյեան պատասխանած է, որ խորհրդարան չեն անցած ոչ միայն դաշնակցականները, այլեւ` հանրապետականները, «Սասնայ ծռեր»ը եւ ՀԱԿ-ը (այստեղ եւս, ՀԱԿ-ի պարագային, խօսքը 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է – խմբ.): Սակայն այդ հարցով քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը եւ Հայաստանի բնակչութիւնը միակարծիք են, թէեւ քաղաքական ընտրախաւի փոքր մասը կողմ չէ Հայաստանի կազմին մէջ Ղարաբաղի ընգրկման: Մասնաւորապէս, այդպիսին է Հայ ազգային կոնգրեսի դիրքորոշումը»:

Հարցումին, թէ Հայաստանի բնակչութեան քանի՞ տոկոսը կողմնակից է Ղարաբաղի միացման, Դաշնակցութեան ղեկավարը պատասխանած է՝ մեծամասնութիւնը:

Հարցումին, թէ հայերը արդեօ՞ք մտադիր են պատերազմիլ նշուած նպատակներուն հասնելու համար, Կիրօ Մանոյեան տուած է անսպասելի պատասխան, պնդելով որ ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ տրամադրութիւնները այնպիսին են, որ անոնք կը հասկնան, թէ անհնար է Ղարաբաղը վերադարձնել, եւ Պաքու պիտի ստիպուի զայն ընդունիլ: «Ձեզի համար բարդ կ’ըլլայ պատերազմիլ` հասարակութեան շրջանակներուն տրամադրութիւնները հաշուի առնելով», ըսած է Մանոյեան:
Շարունակելով միտքը, ան կը պնդէ, որ 2001 թուականին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ էին ճանչնալու Ղարաբաղի անկախութիւնը` Քի Ուեսթի բանակցութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ:

«Միաժամանակ սեղանի վրայ դրուած էր Ղարաբաղը (Մանոյան ըսած է՝ ԼՂԻՄ-ը – խմբ.) շրջապատող տարածքներուն վերադարձի հարցը, սակայն այսօր` 18 տարի անց, կարելի չէ խօսիլ անկախութեան դիմաց այդ տարածքներուն վերադարձին մասին: Դուք պէտք է այս իրականութեան հետ հաշտուիք», տիրական ոճով ըսած է Մանոյեան, միաժամանակ մեղմ ժպտալով:

Կարելի՞ է այսօր Քի Ուեսթի կարգաւորման տարբերակը, երբ Ղարաբաղը կը միանայ Հայաստանի՝ Լաչինի միջոցով, իսկ Նախիջեւանը կը միանայ Ատրպէյճանին: «Այդ մէկը իրական չէր այն ժամանակ, այսօր` առաւել եւս», պատասխանած է Մանոյեան:

«Եթէ դարձեալ պատերազմ ըլլայ, հայերը կը կորսնցնեն Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներն ու Ղարաբաղը: Աւելի լաւ չէ՞ հիմակուընէ դէմ դիմաց գալ եւ պայմանաւորուիլ»: Այս հարցումին Դաշնակցութեան ղեկավարը ըսած է, որ չի բացառեր նման տարբերակ, սակայն անմիջապէս աւելցուցած է. «Աւելի շուտ դուք կը կորսնցնէք նոր տարածքներ»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման, ապա այդ մէկը կ’ենթադրէ Ղարաբաղի եւ շրջապատող տարածքներու միացում:

«Մենք դէմ ենք այդ հարցով փոխզիջման, եւ Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները նոյնպէս պէտք է միանան Հայաստանի», յայտարարած է Մանոյեան:

«Հայաստանի մէջ իշխանափոխութենէն ետք, աւելի յաճախ սկսած են հնչել կարծիքներ հակամարտութեան փուլային կարգաւորման մասին: Որքանո՞վ իրական, որ ներկայիս իշխանութիւնները կ’իրագործեն այդ տարբերակը»: Այդ հարցումին Դաշնակցութեան ղեկավարը պատասխանած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը դեռ պաշտօնապէս նման բան չէ ըսած: «Ամէն ինչ անորոշ խօսակցութիւններու մակարդակի վրայ է: Միեւնոյն ժամանակ, Երեւան պաշտօնապէս յստակ ըսած է մէկ բան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ բանակցային կողմ, առանց անոր մասնակցութեան հակամարտութիւնը չի լուծուիր»:

Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կը տեսնէ Թուրքիոյ հետ հակամարտութեան կարգաւորումը: «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայիս սահմանը անօրինական է: Իրաւական սահմանը որոշուած է Ուիլսընի կողմէ 1920 թուականին, եւ այն պէտք է անցնի Էրզրումով, Կարսով, Տրապիզոնով եւ Վանով: Նման տարածքային վէճեր աշխարհի վրայ շատ կան, եւ անոնց առկայութիւնը չի նշանակեր, որ յանուն անոր՝ պէտք է պատերազմիլ», յստակացուցած է Կիրօ Մանոյեան:

Աղբիւրը՝

turan.az

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.