Հայաստան Կը Պատրաստուի Աշխարհի Պատանիներու Ըմբշամարտի Ախոյեանութեան

 

1007arshag-hayrapedian

Արշակ Հայրապետեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արշակ Հայրապետեան ըսաւ, որ Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ հաւաքականը իր վերջին ուսումնամարզական հաւաքը կը կատարէ Աբովեանի մարզահամալիրին մէջ:

«Աշխարհի ախոյեանութեան նախապատրաստական հանգրուանը սկսանք նախորդ յունիսին: 16-28 յունիսին ուսումնամարզական հաւաք կատարեցինք Ծաղկաձորի մէջ, ապա քանի մը օրուան հանգիստէ ետք մեր տղաքը իրենց փորձերը շարունակեցին իրենց մարզիչներուն հետ: Այժմ Աբովեանի մէջ ենք, ուր պիտի մնանք մինչեւ 17 յուլիս, որմէ ուղղակի պիտի մեկնինք մրցավայր», ըսաւ Հայրապետեան:

Գլխաւոր մարզիչը նաեւ ներկայացուց հաւաքականին կազմը` նշելով, որ 46 եւ 100 քկ դասակարգերուն մէջ Հայաստանը ներկայացուցիչ պիտի չունենայ պատանիներու ախոյեանութեան:

Ապա ան նշեց իր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն. Նայիրի Ղազարեան (46 քկ), Սուրէն Փոխանեան (50 քկ), Նարեկ Յովհաննիսեան (54 քկ), Վարդգէս Կարապետեան (58 քկ), Գէորգ Մխէեան (63 քկ), Արամ Աւագեան (69 քկ), Սարգիս Յովսէփեան (76 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (85 քկ):

Աշխարհի ախոյեանութեան պիտի չմասնակցի միայն Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցանակակիր Վաղինակ Մաթէոսեան, որ կը պատրաստուի պատանիներու ողիմպիական խաղերուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.