Բացում Գանատայի պետութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Մուսա լերան հերոսմարտը» ցուցահանդէսին


Դեկտեմբեր 10-ին, Մոնթրէալի Հրէական Ողջակիզումի թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ««Մուսա տաղի քառասուն օրերը. Դիմադրութեան վկայութիւն մը՝ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուին արխիւային լուսանկարներ՝ համապատասխան պատմական բացատրութիւններով։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմնի եւ Մոնթրէալի Հրէական Ողջակիզումի թանգարանին կողմէ եւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Գանատայի ներգաղթի նախարարութեան։ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2016-ի Փետրուար։

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Գանատայի պետութեան ցուցահանդէսը հովանաւորելուն առիթով։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմնի նախագահ Մհեր Գարագաշեան վեր առաւ հայ-հրէական այս համատեղ նախաձեռնութիւնը, շեշտելով երկու ժողովուրդներու ճակատագրակից պատմութիւնը։ Ան նաեւ իր խօսքին մէջ, յանուն մուսալեռցիներու շառաւիղներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի ծովակալ Տարթիէժ Տը Ֆուռնէին, որուն հրահանգին շնորհիւ ֆրանսական մարտանաւերը փրկեցին Մուսա լերան ժողովուրդը։

Մուսա Լերան հերոսամարտի ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան շեշտեց, թէ միջազգային ընտանիքը այսօր պէտք է դասեր քաղէ պատմութենէն եւ չթոյլատրէ, որ կրկնուին անցեալի ցեղասպանական յանցագործութիւնները։

Նոյն օրուան երեկոյեան, Հրեայ ցեղասպանագէտ եւ պատմաբան Եայիր Օրոն նոյն թանգարանին մէջ ներկայացուց «Ֆրանց Վերֆէլի Մուսա Տաղի 40 օրերը վէպի ազդեցութիւնը Բ. Աշխարհամարտի հրէական դիմադրութեան վրայ» նիւթը։ Պատմաբան Օրոն շեշտեց, թէ յատկապէս Վարշաւիոյ հրէական թաղամասերուն մէջ, Վերֆէլի վէպը ծառացումի խթան եւ դիմադրութեան ներշնչարան հանդիսացած է հրեայ ժողովուրդին։ Բանախօսութեան ընթացքին Օրոն խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կառավարութեան բացասական դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որ իր կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառնէ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու պատմութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.