Արցախի Մէջ Ծնունդներու Թիւի Աճ Արձանագրուած Է

\n \n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ նախորդ տարուան Յունիսին արձանագրուած 192 ծնունդի փոխարէն այս տարուան նոյն ժամանակաշրջանին ծնունդներուն թիւը հասած է 212ի:
\n Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրական վերլուծական բաժինի վարիչի պաշտօնակատար Ագապի Հայրունին:
\n 175 ծնունդ արձանագրուած է Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ՝ 104ը եղած են Ստեփանակերտի ծննդատան, 14ը՝ Ասկերանի, 6ը՝ Շուշիի, 18ը՝ Մարտակերտի, 8ը՝ Հադրութի, 19ը՝ Մարտունիի, 5ը՝ Քաշաթաղի, 1ը՝ Շահումեանի շրջաններէն:
\n «Իսկ հանրապետութեան 5 շրջանների ծննդատներում ծնունդների հետեւեալ պատկերն է արձանագրուել՝ Մարտակերտ՝ 13, Մարտունի՝ 14, Հադրութ՝ 5, Շուշի՝ 1 , Քաշաթաղ՝ 4», ներկայացուցած է Ա. Հայրունին՝ աւելցնելով, որ Յունիս ամսուն հանրապետական ծննդատան մէջ արձանագրուած է նորածիններէն 85ը եղած են տղաներ, իսկ 92ը՝ աղջիկներ:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.