Սփիւռքի Նախարարութեան Հարցը Լո՞ւրջ Է
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Բաւականի՛ն:
Անցնող շաբաթներուն ընթացքին առատ մելան հոսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտօրէն կազմուելիք կառավարութեան մէջ սփիւռքի նախարարութեան ջնջումին մասին: Անշուշտ կայ նաեւ մշակոյթի նախարարութեան ջնջման մասին ըսելիք, սակայն այդ առանձին քննարկման առարկայ ըլլալու է հաւանաբար:
Բազմաթիւ էին տրուած պատճառները` այս լուծարման առնչուող: Ըսուեցաւ, որ այս նախարարութիւնը հոկտեմբեր 2008-ի կազմութենէն ի վեր սկսած իր գործունէութեամբ չէր արդարացուցած ինքզինք (այլ խօսքով, թէ՛ գործունէութեան որակը եւ թէ՛ քանակը անբաւարար եղած էին): Նաեւ ակնարկուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ նախարարութիւնը ջնջուելու է, որովհետեւ անհետացած է Հայաստանն ու սփիւռքը սահմանազատող անջրպետը, եւ այսպէս, հայաստանցին ու սփիւռքահայը ունենալու են նմանօրինակ կարելիութիւններ: Տակաւին այլ անձինք բացատրեցին, որ սփիւռքի նախարարութիւնը տասը տարուան իր գոյութեան ընթացքին վերածուած էր Հրանուշ Յակոբեանի նախարարութեան: Նաեւ եղան պնդողներ, որ պիւտճէական հարց կար եւ կայ, ու այն վայրկեանէն, երբ որոշուած էր նախարարութիւններուն թիւը 17-էն 12-ի նուազեցնել, պէտք էր գտնել լուծարուելիք հինգ նախարարութիւններ, որոնց կարգին «բնական» թեկնածուներէն մէկը սփիւռքինն էր: Դեռ ուրիշներ ակնարկեցին նախորդ վարչակարգին օրօք այս նախարարութենէն ներս փտածութեան երեւոյթին, անձնակազմի «միջակութեան» եւ, ինչո՞ւ չէ, անցեալէն կտրուելու (rupture), խորհրդանշական արժէքին, սփիւռքի նախարարութիւնը շատ հաւանաբար վերածելով այլ նախարարութեան մը մէջ գործող գերատեսչութեան մը: Կարճ ասած` բազմապիսի պատճառներ տրուեցան, թէ ինչո՛ւ գոյութիւն ունեցածը ճիշդը չէ, թէ` եղածը ցարդ ակնկալութիւնները չէր գոհացուցած, ուրեմն հարցին լուծումը զայն վերացնելն էր:
Արդէն իսկ հաւանաբար կրցաք կռահել, որ գալիք պարբերութիւններուն մէջ թեր պիտի արտայայտուիմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ աշխուժ սփիւռքի նախարարութիւն մը ունենալուն:
Սակայն նախ կ՛արժէ յստակացնել, որ հազուադէպ է, որ հայրենիք ունեցող ազգի մը համրանքին 70-75 տոկոսը գտնուի հայրենիքէն դուրս: Հաւանաբար տասնեակ մը ժողովուրդներ միայն կը գտնուին սոյն կացութեան մէջ, ներառեալ` հայերը, հրեաները, լիբանանցիները, հեռու համեմատութեամբ` արեւելքի հնդիկները եւ այլն: Սակայն չկայ սփիւռք մը այս բոլորին կարգին, որ հիմնականին մէջ կազմուած ըլլար ցեղասպանութեան մը իբրեւ հետեւանք` բացի մեր հայերու սփիւռքէն: Իսկ հրէական սփիւռքը պատմականօրէն, նոյնիսկ 19-րդ դարու արեւելեան Եւրոպայի հալածանքներու (իմա՛ pogrom-ներու) օրերուն վերածուեցաւ արեւելեան Եւրոպայի հրէական սփիւռքէ մը դէպի Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներ տարածուող սփիւռքի մը` կամ Սպանիա հաստատուած միջնադարեան սփիւռքէ մը` Օսմանեան կայսրութեան կամ հիւսիսափրիկեան հրէական սփիւռք, 15-րդ դարու Սպանիոյ հակահրեայ հալածանքներու շրջանին: Իսկ լիբանանեան սփիւռքը, որ ունի հարիւրամեայ կեանք, ծնունդն է տնտեսական ու պատերազմական իրավիճակներու:
Աւելի՛ն. հայութեան պարագային, ունինք ուրիշ իւրայատկութիւն մը: Դասական սփիւռքի կողքին, ունինք քանի մը միլիոն հաշուող նոր սփիւռք մը` իբրեւ հետեւանք Հայաստանէն դէպի նախկին խորհրդային հանրապետութիւններ մարդուժի արտահոսքին, իսկ երրորդ մը, ուր հայաստանահայը գաղթած եւ զանգուածային կերպով հաստատուած է դասական սփիւռքին մէջ, Կիպրոսէն մինչեւ հայահոծ Քալիֆորնիա: Այսպէս, հայ ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնը իր կեանքը կ՛ապրի զինք հիւրընկալող երկիրներու երդիքներուն տակ, տասնամեակներէ ի վեր միա՛յն գոհանալով փոքր թիւերով յատկանշուող ներգաղթով կամ հայրենադարձութեամբ:
Որպէսզի պատկերը աւելի ամբողջանայ, արժէ նշել, որ հետեւեալ երկիրները ունին յատուկ նախարարութիւններ` զբաղելու համար իրենց սփիւռքի կամ արտերկրի հայրենակիցներով.
Ազրպէյճան – State Committee on Work with Diaspora
Վրաստան – State Ministry on Diaspora Affairs (լուծարուած` 2016-ին)
Պանկլատէշ – Ministry of Expatriates
Իրլանտա – Minister for Diaspora Affairs
Իսրայէլ – Information and Diaspora Ministry
Մեքսիքա – Institute for Mexicans Affairs
Ռումանիա – Ministry for Romanians Abroad
Սերպիա – Ministry of Religion and Diaspora
Սուրիա – Minister of Foreign Affairs and Expatriates
Հետաքրքրական է, որ Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան նոյն տարին` 2008-ին է, որ ստեղծած են իրենց սփիւռքի նախարարութիւններն ու պետական յանձնաժողովները:
Այս ծիրին մէջ նորութիւնը ա՛յն է, թէ գէշ-աղէկ ձեռնարկուած նախարարութիւնն է, որ կը լուծարուի` զայն պահելու, մինչ այդ լաւ եղած գործը բազմապատկելու, անտեղի աշխատանքները դադրեցնելու, անոր ռազմավարութիւնը ճշդելու կա՛մ յստակացնելու եւ պետական-կառավարական մակարդակով արդիւնաւէտ գործը բազմացնելու փոխարէն: Ապա թէ ոչ, չկա՛յ ոեւէ մէկը, որ կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները հետաքրքրուած չեն սփիւռքով, կամ` որ առանց նախարարութեան կարելի չէ սփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ունենալ եւ վարել:
Հոս կայ նաեւ այն մտահոգութիւնը, որ այս լուծարման քայլը, այո՛, քայլը, ինչպիսի՞ն պիտի մեկնաբանուի միջին սփիւռքահայուն կողմէ: Ամէ՛ն ճիգ արժէ ի գործ դնել, որ այդ մեկնաբանութիւնը չըլլայ Հայաստանի կողմէ սփիւռքի կարեւորութեան կամ ներուժին հանդէպ իբրեւ նսեմացման չափանիշ օգտագործուող դրոյթ: Հայաստանի առաջին նախագահի վարչակարգի օրով այս զգայնութիւնները հասած էին բարձր մակարդակի մը, բան մը, որ դժուարացուց մեր ազգային օրակարգը յառաջ տանիլը: Այդ օրերու բազմաթիւ ժխտական պահերը միա՛յն մեր անցեալի ցաւալի փուլերու զամբիւղին արժանի ըլլալու են կարծէք:
Այս բոլորով հանդերձ, հարցումը, որ կը պարտադրէ ինքզինք, ա՛յն է, որ սփիւռքի նախարարութիւնը կամ յաջող Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն մը ի՞նչ պէտք է ընէ, անոր յաջողութիւնը ի՞նչ չափանիշներով է, որ պէտք է հաշուըուի կամ չափուի:
Նախքան այդ հարցումներուն պատասխաններ որոնելը` քանի մը սկզբունքային կէտերու շուրջ արժէ համաձայնիլ: Նա՛խ, որ հայկական սփիւռքը գնայուն չէ՛: Մեր ազգային նկարագրէն բխած թէ աշխարհագրական դրուածքին պատճառով մի՛շտ ալ ունեցած ենք սփիւռք` տարբեր բաղադրութիւններով: Մեր առաջին թե՛րթը լոյս տեսած է հեռաւոր Մատրասներու անկիւններուն մէջ: Ապա արժէ անգամ մըն ալ հաստատել, որ մեր լեզուն պահելն ու գործածելը կը դիւրացնեն սփիւռքի ազգային նկարագրին յարատեւումն ու զարգացումը: Միւս սկզբունքային հասկացողութիւնը ըլլալու է այն, որ հայկական սփիւռքը ներուժի հսկայ շտեմարան մըն է իր տնտեսական, քաղաքական, պատմական, եկեղեցական եւ մշակութային երանգներովը: Վերջապէս արժէ, որ մարդ համաձայնի, թէ աշխարհագրականօրէն տարածուած մեր սփիւռքի խճանկարով հանդերձ, կա՛յ թել մը, որ հասարակ յայտարարներու հոյլ մը կը ստեղծէ Պուէնոս Այրէսէն մինչեւ Պէյրութ ու Կրասնոտար:
Թէ ի՛նչ ընելու է սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ արդեօ՞ք նախապայման է զայն նախարարութիւն պահելը:
Իրողութիւն է, որ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը անփառունակ վիճակի մէջ է, եւ սփիւռքի նախարարութեան հիմնական նպատակը, իմա՛ կոչումն ու գոյութեան իմաստը, ըլլալու է այդ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը հասցնելը աւելի քան գոհացուցիչ մակարդակի: Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան (ինքնա)նպատակը Հայաստանի կայուն զարգացումն է եւ սփիւռքի առողջ գոյատեւումը: Այլ խօսքով, սփիւռքի առողջ գոյատեւման եւ զարգացման մէջ Հայաստանը` իբրեւ պետական կառոյց, շա՛տ ընելիք ունի, իսկ Հայաստանի կայուն զարգացման մէջ սփիւռքը ունենալու է հսկայ դերակատարութիւն, որուն շարժիչը կամ catalyst-ը կոչուած է ըլլալու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը:
Տա՛նք օրինակներ: Դասական սփիւռքը իր դպրոցով, եկեղեցիով, ակումբով, կուսակցութիւններով ու համայնքային կառոյցներով, իր Հայ դատի գործունէութեամբ եւ ցուցական պահանջատիրութեամբ գրած է հարուստ կենսագրութիւն մը: Սակայն օր ըստ օրէ կը շեշտուին չորրորդ սերունդին մօտ արագընթաց ձուլումի, մաշումի պարագաները, անտարբերութիւնը, հայոց լեզուի գործածութեան եւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու նահանջը, օտար դպրոց յաճախելը, խառն ամուսնութիւններն ու ազգային եւ մշակութային արժէքներու փոփոխութիւնն ու այլակերպութիւնը:
Իրերու այս դրութեան մէջ սփիւռքի նախարարութիւնը կոչուած է ո՛ղջ հայ երիտասարդութեան պորտալարը Հայաստանին կապելու` ՀԱՅՐԵՆԱՑՈՒՄԻ ընդմէջէն: Եթէ սփիւռքահայութեան 70-ական եւ 80-ական թուականներու քաղաքականացումն ու յեղափոխականացումը օգնեցին մեր պահանջատիրութեան եւ քաղաքական ու հողային ձեռքբերումներուն, ապա հայրենացումը պիտի ըլլայ յաջորդ քայլը` Հայաստանի կայուն զարգացման եւ սփիւռքի առողջ գոյատեւման մէջ:
Հայրենացումը կը սահմանուի սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենիքի հետ կենդանի կապի հաստատումովն եւ ամրապնդումովը: Կապ, որ կը սկսի առաւելագոյն թիւով երիտասարդներու յաճախակի այցելութիւններովը Հայաստան, առաջնորդելով բազմապիսի կապերու հաստատման հայրենիքին հետ, խորհրդաժողովներէն մինչեւ մարզական ու մշակութային ելոյթներ, մասնագիտական ցանցեր կամ պարզ զբօսաշրջութիւն` ստեղծելով առիթը Հայաստանը ճանչնալու եւ անոր հետ գործակցելու: Բայց, որովհետեւ Հայաստան այցելելը ամէնուն մատչելի չէ, պարտինք մենք, յա՛տկապէս պետական կառոյցները, Հայաստանը փոխադրել եւ զայն ներկայ դարձնել սփիւռքի հայ երիտասարդի կեանքէն ներս, առնուազն` հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ ժամանակակից ու տարածուն լրատուութեամբ: Հոս համացանցը եւ ընկերային ցանցերը կ՛ընձեռեն մեծ կարելիութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանը (իմա՛ սփիւռքի նախարարութիւնը) ունի հսկայ ներուժ եւ աժան ու տրամադրելի դրամագլուխ:
Հայրենացում` կը նշանակէ նաեւ երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ պահել հայոց նորագոյն պատմութեան մասին` իր մաքառումներով եւ նոր յաղթանակներով, առթելով ազգային արժանապատուութիւն, ինքնավստահութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն:
Եւ որովհետեւ հայրենադարձութիւնը ցարդ չէ գտած իր բնական հոսքը, հայրենացումը նաեւ կը նշանակէ ձեռք բերել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն եւ մշակել Հայաստան հաստատուելու հեռանկար:
Հայրենացման մէջ որքա՜ն պիտի օգնեն մշակութային, մարզական, գիտական, կրօնական եւ այլ այցերն ու փոխանակումները, օրինակ` համերգներ, ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, փառատօներ, արուեստագէտներու այցեր, որոնք այսօր սակաւաթիւ են: Յատկապէ՛ս Հայաստանէն սփիւռք, բայց նաեւ հակառակ ուղղութեամբ` դէպի Հայաստան: Բաներ, որոնք իրենց արդիւնաւէտութիւնը փաստած էին նո՛յնինքն խորհրդային օրերուն, նոյնիսկ երբ յաճախ անոնք կը հետապնդէին քաղաքական նպատակներ: Արժէ մտաբերել խորհրդային օրերու այլապէս խոցելի երեսներ դրսեւորած Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի գործունէութիւնը, յատկապէ՛ս Վարդգէս Համազասպեանի օրով (1964-1985), երբ Հայաստան-սփիւռք մշակութային փոխանակումները հպարտութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէին միջին սփիւռքահայուն: Հայրենացումը կ՛ենթադրէ աւելի քան երբեք կապուիլ հայ մշակոյթի տարբեր երանգներուն:
Աւելի՛ն. սփիւռքը այսօր կը դիմագրաւէ լրջագոյն հարցեր, որոնք առանձին յաղթահարելու դժուարութիւնը ունի: Արեւմտահայերէնի ուսուցումը, գործածութիւնը, անով մշակոյթի զարգացումը օրըստօրէ կը նահանջեն: Հայաստանը արեւմտահայերէնի գոյատեւման եւ աճումին մէ՛ջ ալ ունի իր վերցնելիք ոչ փոքր դերակատարութիւնը, գիրքերու հրատարակութեան ու սփիւռքի մէջ տարածման, ելեկտրոնային գիրքերու, App-երու եւ համացանցի վրայ լայնատարած ներկայութեան, թարգմանական գործերու արծարծման եւ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս մեր պետականութեան ընձեռած կարելիութիւններու լարման: Մշակութային եւ կրթական մարզէն ներս աւելցնենք այն մասնագիտական օժանդակութիւնը, որուն կարիքը ունին մեր սփիւռքեան թանգարաններն ու հայագիտական կեդրոնները` Վենետիկէն, Զմմառ, Հալէպ ու Պոսթըն: «Նախկին» սփիւռքի նախարարութեան քայլերը այս բնագաւառներէն ներս ողջունելի էին, բայց` ոչ բաւարար:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մէջ Հայաստանի զարգացումը էական է, որուն մէջ սփիւռքը ունի ցարդ լուրջ փորձաքարի չզարնուած ընելիքներ: Սփիւռքը ունի չգործածուած մեծ դրամագլուխ` Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրումներ ընելու տեղեկատուական արհեստագիտութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան բարգաւաճման ու արտահանման, զբօսաշրջութեան տարբեր երեսներուն` էքօթուրիզմ, մշակութային, պատմական, մարզական, կրօնական, առողջապահական ու արկածախնդրային բնոյթի, դեղորայքի, ջուրի, գինիի եւ ոգելից ըմպելիներու եւ այլ արտադրութիւններու ուռճացման, արտահանման, առ աշխարհ շուկայացման եւ սպառման մէջ: Հոս ալ սփիւռքի նախարարութիւնը այս կապերը դիւրացնողի դեր կրնայ որդեգրել:
Հայաստանի կառավարութիւնը անշուշտ նաեւ ունենալու է` իբրեւ սեղանի մնայուն օրակարգ, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան հարց եւ հայութեան քաղաքական օրակարգերու համաձայնեցուած հետապնդման հարց: Այս երկու նիւթերը պետական տարբեր մակարդակի հարցեր են, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կրնայ զանոնք արդարացիօրէն դասել պետական այլ բաժանմունքներու մէջ: Շա՛տ լաւ:
Դեկտեմբեր 2018-ի սկիզբը սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը իր խորհրդատու Վահէ Սահակեանին հետ հրապարակեց սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան հայեցակարգ-նախագիծը, որ միաժամանակ նկատի առած էր սփիւռքէն չորս մտաւորականներու` Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Արա Սանճեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի եւ Հրաչ Չիլինկիրեանի խորհուրդը: Ինքնին նախագիծը ունէր հետաքրքրական մօտեցումներ: Նախաբանին մէջ նախագիծը կ՛ակնարկէր հարիւրամեայ խորհրդային եւ յետխորհրդային սփիւռքեան քաղաքականութեան ընդհանրապէս անյաջողութեան եւ կը փորձէր նոր էջ մը բանալ` նախարարութիւնը «պահելու» եւ բարելաւելու հասկացողութեամբ:
Աւարտելու համար ըսենք, որ արժէ չկրկնել սխալ մը, որ թարմ է մեր բոլորի յիշողութեան մէջ: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր սփիւռքեան կառոյցները իրենց վերջին հարիւրամեայ փորձով կրցան որոշ բան փրկել: Համահայկական երեք կուսակցութիւնները, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, եկեղեցական եւ հանրային մեր միաւորները կրցան սփիւռքեան դժնդակ պայմաններու մէջ որոշ տոկոս մը հայ պահել, Հայ դատի հետապնդումը կանգուն պահել եւ այլն: Ուրեմն ունինք ենթակառոյց մը, որուն վրայ կարելի է մեծաւ մասամբ յենիլ: Սակայն Հայաստանի վերանկախացման յաջորդեց ամէն գնով այս ենթակառոյցը շրջանցելու իղձ մը, զայն ունայն կամ ժամանակավրէպ սեպելու եւ այդ ենթակառոյցին փոխարէն` անձերու վրայ յենելու մարտավարութիւն մը: Բարեբախտաբար վերջին երկու տասնամեակներուն կարելի եղաւ այս ընթացքը ուղղել եւ ճամբու բերել: Տա՛յ Աստուած, որ անգամ մը եւս այս ծուղակին մէջ իյնալով` մեր ուժերը նորէն չջլատենք եւ հերթաբար անփոխարինելի տարիներ չմսխենք մեր ազգակերտման հոսանքն ի վեր ընթացքին մէջ: Ժամանակ չունինք կորսնցնելիք:
Այս բոլորը կարելի՞ է առանց նախարարութեան ընել: Անշո՛ւշտ որ կարելի է: Բայց եթէ նախարարութեամբ կարելի է կիզակէտը աւելի յստակացնել եւ աւելի արագ հասնիլ արդիւնքի, ինչո՞ւ ընտրել յաջողութեան նուազ հաւանականութիւն ունեցող դժուար ու քարքարոտ ուղին:
Լոս Անճելըս, յունուար 2019