Հայաստանի անվտանգութեան ուժերը կանխած են ահաբեկչական խումբի մը գործողութիւնները


Երեւանի մէջ այսօր բացայայտուած է զինուած խմբաւորում մը, որ նպատակ կը հետապնդէր Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ահաբեկչական բնոյթի արարքներ, կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Ինչպէս կը հաղորդեն ԱԱԾ մամուլի ծառայութենէն, 2015 թուականին ՀՀ քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահմ

ան բնակող Արթուր Վարդանեանը, ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է վերոնշեալ խումբը: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որ պահած են Երեւանի Նորք թաղամասին մէջ վարուած տան մը մէջ:

Որո՞նք Են Զինուած Յանցախումբի Հաւանական Անդամները

Նորք­ Մարաշ վարչական շրջանի 9-­րդ փողոցի առանձնատան մէջ վնասազերծուած յանցաւոր խմբաւորման պարագլուխ եւ խումբը հաւաքագրող Արթուր Վարդանեանը «Հայոց Վահան» կազմակերպութեան հիմնադիրն է: Ան «Ֆէյսպուք»ի մէջ արձանագրուած է «Վարդանանց իշխան» անուանումով եւ «Հայոց վահան»-­ի անուան ներքոյ Youtube ցանցի միջոցով տարածած է տեսանիւթեր, ուր խօսած է Քեսապի ազատագրութեան գործին մէջ իբր իր մասնակցութեան մասին:

Այն առանձնատան մէջ, ուր վնասազերծած են յանցաւոր խումբը, գտնուած է երիտասարդ աղջկայ լուսանկար, որ «Ֆէյսպուք»-ի մէջ արձանագրուած է որպէս Նելլի Մինասեան եւ տարածած է «Հայոց վահան»-ի, այսպէս կոչուած, զինանշանի նկարը:

Առանձնատան մէջ գտնուած են Հայաստանի պետական դրօշի վրայ «Հայոց վահան»-ի զինանշանով բազմաթիւ նկարներ` կասկածի տեղ չտալով, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշատակուող Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, որ ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն, նոյն «Հայոց վահան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչն է:

ՀՀ պետական արձանագրութեան գործակալութեան մէջ գրացուած է «Հայոց վահան մէկ» մարզամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն արձանագրութեան ամսաթիւը նշուած է 2015-ի Յուլիս 24-­ը: Ի դէպ, որպէս կազմակերպութեան համահիմնադիրներ արձանագրուած են Արթուր Վալերիկի Վարդանեանը եւ Ստեփան Աշոտի Սումբուլեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.