Սուրիահայ Արինա Թէքէեան 4 ժամ լողալէ ետք կը փրկուի


«Գանձասար»ի թղթակից Յովիկ Շէհիրեան կը փոխանցէ, որ Հալէպահայ Թէքէեան ընտանիքը` Յովհաննէս Թէքէեան, Թալին Պաթրունեան-Թէքէեան, Արինա եւ Վահան Թէքէեաններ ու Թալինին Մայրը` Սեդա Պաթրունեան Սուրիայէն Գերմանիա մեկնելու նպատակով, փախստականներու խումբով մէկ շաբաթ առաջ Լիբանանէն Թուրքիա անցած են եւ լաստանաւով փորձած են Յունաստան անցնիլ ծովու ճամբով, սակայն դժբախտաբար ընտանիքի բոլոր անդամները անհետացած են եւ միայն անոնց 19 տարեկան դուստրը` Արինա Թէքէեան, 4 ժամ լողալէ ետք փրկուած է եւ այժմ կը գտնուի Իզմիրի հիւանդանոցը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.