Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Դժուարութեամբ Յաղթեց Գերմանիոյ (2,5-1,5)
Իսլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Գերմանիոյ դէմ, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց` 2,5-1,5 արդիւնքով:
Մինչ Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Կարէն Գրիգորեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ, անդին Հայաստանի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հրանդ Մելքումեան, որ այս մրցաշարքին, սքանչելի արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:
Երրորդ խաղատախտակին վրայ ելոյթ ունեցող Մելքումեան 6 մրցումէն 4-ին յաղթած է, իսկ 2-ին` հաւասարութիւն արձանագրած:
Հետաքրքրական եղաւ Սարգսեանի կատարած մրցումը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 107-րդ քայլ: Թէեւ անոր մրցակիցը փոքր առաւելութիւն մը ունէր, բայց մրցումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:
Այժմ, ընդհանուր դասաւորման առաջինէն երրորդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Ռուսիա (11 կէտ), Ֆրանսա (10) եւ Ազրպէյճան (9):
4-էն 9-րդ դիրքերը կը բաժնեն Հունգարիա, Ուքրանիա, Սպանիա, Հայաստան, Լեհաստան եւ Լաթվիա, որոնք ունին 8-ական կէտ: