Արցախի մէջ մեկնարկած է մարդահամար
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկեց մարդահամար: Լ.Ղ.Հ. Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան Մարդահամարի վարչութենէն «Մետիամաքս»ին յայտնած են, որ մարդահամարը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար ստեղծուած են Հանրապետական, Ստեփանակերտի քա
ղաքային եւ 7 շրջանային յանձնաժողովներ, 9 մարդահամարի, 90 հրահանգչական եւ 501 հաշուային տեղամասեր:
Մարդահամարը պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 9-ը ներառեալ: Նախնական տուեալները յայտնի պիտի ըլլան կը 2016 թուականի Ապրիլի սկիզբը, իսկ վերջնականը` 2016 թուականի վերջը:
Նշենք, որ համաձայն «Մարդահամարի մասին» Լ.Ղ.Հ. օրէնքի` Արցախի մէջ մարդահամար տեղի կ՛ունենայ 10 տարին անգամ մը եւ ասիկա հանրապետութեան անկախութեան պատմութեան մէջ երկրորդն է:
«2005 թուականին իրականացուած առաջին մարդահամարէն ետք մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած են ընկերային-տնտեսական էական փոփոխութիւններ, բնակչութեան թուաքանակի, տեղաբաշխման, ընկերա-ժողովրդագրական, տնտեսական աշխուժութեան, տնային տնտեսութիւններու բնակութեան պայմաններու, կենսամակարդակի եւ այլ բնութագրիչներու հետ կապուած: Տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներու ուղի բռնած Արցախի համար շատ կարեւոր է ապահովել մարդահամարներու պարբերաբար իրականացումը, քանի որ անոնց արդիւնքներն էական նշանակութիւն կ’ունենան երկրի պետական եւ տնտեսական քաղաքականութեան մշակման, ծրագրման եւ կառավարման համար»,- նշած են Լ.Ղ.Հ. Ա.Ւ.Ծ. Մարդահամարի վարչութենէն:
Վարչութենէն ընդգծած են նաեւ, որ մարդահամարը հնարաւորութիւն պիտի տայ ուսումնասիրելու հասարակական եւ տնտեսական մակարդակներու մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններն ու կանխորոշելու յետագայ յառաջընթացի նոր ուղղութիւններն ու սկզբունքները: 2005 թուակաինի մարդահամարի տուեալներով` Լ.Ղ.Հ. բնակչութեան թիւը կազմած է 137 հազար մարդ: