Թուրք Նախարարը Ֆրանսայի Մէջ Ուրացած Է Ցեղասպանութիւնը
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Վոլքան Պոզքըր ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Եւրոմիութեան յանձնաժողովին առջեւ: Պատասխանելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հարցումի մը՝ ան ըսած է, որ Անգարայի իշխանութիւնները չեն ուզեր, որ «1915ի դէպքերուն» վերաբերեալ քաղաքական գործիչները որոշումներ կայացնեն:
\n Պոզքըր ներկաներուն յիշեցուցած է «պատմաբաններու յանձնաժողով» ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդունելու այդ յանձնաժողովին որեւէ եզրակացութիւնը։
\n Ըստ «Հապերքիփ» լրատուական գործակալութեան՝ Պոզքըր պնդած է, թէ «Թուրքիա իր պատմութեան մէջ ամօթալի էջ չունի»՝ շարունակելով պաշտօնական Անգարայի ուրացման քարոզչութիւնը:
\n Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ նեկայացուցած է ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները ուրացողներուն դէմ քրէական պատիժ հաստատող նոր օրինագիծ մը, որ արդէն իսկ 40է աւելի պատգամաւորներու ստորագրութիւնը ապահոված է։\n