«Կեանքը Ի Հաղորդութեան Ընդ Աստուծոյ».- Գարեգին Ա. Կաթողիկոս


ՎԱԶԳԷՆ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նիւ Եորք
Սեպտեմբեր 28-ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած «Գարեգին Ա. կրթական կեդրոն»-ի բացման առիթով լոյս տեսաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի տօնական խոհերն ու քարոզները ամփոփող «Կեանքը ի հաղորդութեան ընդ Աստուծոյ» հատորը:
Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններուն կողմէ ստեղծուած «Գարեգին Ա. աստուածաբանական եւ հայագիտական մատենաշար»-ին 17-րդը հանդիսացող գիրքին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեանը:
Ստորեւ լոյս ՛ընծայենք խմբագիրին յառաջաբանը, պատրաստուած Յունիս 15-ին.-
Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ ինծի վստահուած, թէեւ իմ կամքէս անկախ պատճառներով շատ ուշացած «պարտք» մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ, իր վախճանումէն տասնվեց տարիներ յետոյ միայն, վերջապէս տպագրութեան կը յանձնեմ այս հատորը:
Գարեգին վեհափառին կեանքի վերջին տասնչորս ամիսները եղան ֆիզիքական ծայրայեղ տաժանքի օրեր եւ ամիսներ: Մայիս 1998-էն սկսեալ Նիւ Եորքի մէջ ան ենթարկուեցաւ բժշկական երկարատեւ դարմանումներու: Հոկտեմբեր 12-ին տեղի ունեցաւ իր լեզուի առաջին վիրաբուժական գործողութիւնը, որուն հետեւանքով վեհափառը մասամբ կորսնցուց իրեն այնքան յատուկ խօսելու բացառիկ կարողութիւնը: 8 փետրուար 1999-ին վեհափառ հայրապետը ենթարկուեցաւ երկրորդ եւ շատ աւելի բարդ վիրաբուժական գործողութեան մը եւ այս անգամ կորսնցուց իր ամբողջ լեզուն եւ ընդմիշտ զրկուեցաւ խօսելու կարողութենէն: 29 մարտ 1999-ին վեհափառը վերադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր վախճանեցաւ 29 յունիս 1999-ին:

***
Բանաւոր խօսքի կարողութենէն զրկուած պայծառամիտ հայրապետը, հակառակ իր ֆիզիքական շատ ծանր պայմաններուն, չդադրեցաւ իր խօսքերը եւ մտածումները արտայայտել գրաւոր կերպով, գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը: Արդարեւ, իր վախճանումէն միայն վեց ամիս առաջ, 1999-ի Նոր Տարուան առաջին օրն իսկ ան սկսաւ գրի առնել այս գործը, որ պիտի կրէր «Կեանքի ի հաղորդութեան ընդ Աստուծոյ» խորագիրը: Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին հետեւողութեամբ, գրեթէ ամէն օր, առանձին տետրակի մը մէջ կ՛արձանագրէր իր խոհերը եւ ապրումները այդ օրուան եկեղեցական տօնին մասին: Նիւ Եորքի մէջ իրեն տուած իմ յաճախակի այցելութիւններուս ընթացքին ան ինծի գրաւոր կերպով երբեմն կը բացատրէր իր ծրագիրը, ցուցմունքներ կը կատարէր եւ կ՛աւելցնէր. «Եթէ բան մը պատահի, դուն հրատարակութեան պիտի պատրաստես այս գրութիւնները»:
Այդ օրերու իր գրառումներու կողքին, վեհափառը կը մտածէր նաեւ Հայ եկեղեցւոյ տօներուն նուիրուած եւ տարիներու ընթացքին յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսած իր քարոզներէն եւ յօդուածներէն հատընտիր շարք մը կցել այս գործին: Այդ նիւթերու հաւաքման պարտականութիւնը վեհափառը յանձնած էր ինծի:
Իր երկրորդ վիրաբուժական գործողութեան նախօրեակին վեհափառը ինծի յանձնեց իր ձեռագիր տետրակը եւ դարձեալ գրաւոր կերպով յիշեցուց. «Եթէ բան մը պատահի…»: Յաջորդ երեկոյեան սակայն, գործողութենէն քանի մը ժամ յետոյ միայն, հազիւ իր ուշքը վերագտած, իր քրոջ միջոցով ինծի պատուիրեց տետրակը վերադարձնել իրեն: Հիւանդանոցին մէջ իր կեցութեան յաջորդ վեց օրերու ընթացքին իր անկողնին կից դրուած աթոռին վրայ նստած եւ տակաւին թելերու ամբողջ ցանցով մը կապուած բժշկական զանազան գործիքներու` վեհափառը գրի առաւ այս հատորին մէջ տեղ գտած «Ղեւոնդ Երէց-երէցներուն երէցը», «Ս. Վարդանանք»-ը, «Վանական կեանքը» եւ «Ինքնընծայում»-ը: Այդ օրերու իր հոգեվիճակը լաւագոյն կերպով կ՛արտայայտէ ինք, «Ս. Վարդանանք»-ի հետեւեալ տողերուն մէջ.-

«Հինգշաբթի է, 11 փետրուար:
«Վարդանայ հոգին` հրագունդ անշէջ
կը մտնէ ամէն հայու հոգւոյն մէջ…»

Եւ իմ մէջս կը զգամ զայն աւելի ուժեղ, ներգործօն զօրութեամբ եւ աննախընթաց մտերմութեամբ: Որովհետեւ միս մինակ եմ հիւանդանոցի մը 10-րդ յարկի վրայ: Ընտանեկան հարազատներ, հոգեւորական եղբայրներ եւ հարազատ բարեկամներ շուրջս են միշտ, առանձնութիւնս ջնջելու աստիճան: Բայց առանձնութեան զգացումը մարդուն մէջ կայ անբաժան եւ մշտատեւ: Առանձնութիւնս ներքին հոգեկան ինքնախօսութեան տեսակէտէն շեշտուած է, որովհետեւ վիրաբուժական գործողութեան հետեւանքով խօսելու կարողութիւնս կորսնցուցած եմ այժմ: Լեզուս հանուած է: Ուրիշին հետ ձայնով, շրթունքով, բառերով չեմ կրնար խօսիլ, բայց ուրիշ «անլեզու» լեզուով մը ես ինծի հետ դարձած եմ պերճախօս…»:

***
Մարտ 1999-ի վերջին օրերուն վեհափառը վերջնականապէս մեկնեցաւ Նիւ Եորքէն եւ իրեն հետ տարաւ ձեռագիր իր տետրակը` գործը Ս. Էջմիածնի մէջ շարունակելու յոյսով: Իր վախճանումէն անմիջապէս յետոյ, սակայն, այդ ձեռագիրը երկար տարիներ մնաց անյայտ եւ անհասանելի: Գարեգին Ա. աստուածաբանական եւ հայագիտական այս մատենաշարի հիմնադիր եւ բարերար` պրն. Հայկ Տիտիզեանի հետեւողական ջանքերով եւ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի բարեհաճ տնօրինութեամբ, երջանկայիշատակ վեհափառէն Ս. Էջմիածնի մէջ մնացած բազմաթիւ թղթածրարներուն մէջ, վերջապէս 2011-ին կարելի եղաւ յայտնաբերել այդ ձեռագիրը եւ անկէ պատճէնահանուած օրինակ մը յանձնուեցաւ ինծի: Օգոստոս 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Մայր Աթոռի արխիւատան տնօրէն Արժ. Տ. Ասողիկ քհնյ. Կարապետեանի բարեհաճ կարգադրութեամբ, ես առիթ ունեցայ տեսնելու այդ ձեռագրի ամբողջական թղթածրարը եւ անհրաժեշտ ստուգումներ եւ լրացումներ կատարելու` նախապէս ինծի տրամադրուած ձեռագրի պատճենահանուած օրինակին վրայ:

***
Երջանկայիշատակ վեհափառին այս ձեռագիրը կը բաղկանայ 112 մեծադիր էջերու վրայ գրուած 22 յօդուածներէ եւ աւելի քան 20 այլ էջերու վրայ արձանագրուած լրացուցիչ հատուածներէ, ծանօթագրութիւններէ եւ այս գործին համար իր նախատեսած յաւելեալ նիւթերու օգտագործման մասին գործնական նշումներէ:

Իր կեանքի վերջին ամիսներուն վեհափառը Նիւ Եորքի մէջ իր այս գործը թուղթին կը յանձնէր փակուած տան մը եւ կամ հիւանդանոցի սենեակի մը մէջ եւ զրկուած` գրադարաններու մէջ պրպտումներ եւ ստուգումներ կատարելու բոլոր հնարաւորութիւններէն: Իր անմիջական տրամադրութեան տակ ան հազիւ թէ ունէր Աստուածաշունչը, Հայ եկեղեցւոյ Ժամագիրքն ու Շարակնոցը: Այս գործին համար իր գլխաւոր աղբիւրները, սակայն, իր լայն գիտութիւնն ու եզակի յիշողութիւնն էին:
Շատ յատկանշական է վեհափառի այս ձեռագրին մէջ տեսնել հայ եկեղեցւոյ նուիրուած անգլերէն առանձին հատորի մը նախագիծը եւ այդ հատորին համար գրուած ներածութեան նախնական օրինակը, զոր լոյս կ՛ընծայենք ներկայ հատորին մէջ: Արդարեւ, երջանկայիշատակ վեհափառին երկար տարիներու երազն էր Հայ եկեղեցւոյ մասին եւ յատկապէս օտար հասարակութեան համար գրելու եւ հրատարակելու այդ հատորը, որ դժբախտաբար իր հովուապետական բազմազբաղ վիճակին մէջ չկրցաւ իրագործել:

***
Այս հատորի առաջին բաժինը` «Կեանքը ի հաղորդութեան ընդ Աստուծոյ» կ՛ընդգրկէ վեհափառի ձեռագիր թղթածրարի մէջ գտնուող 22 յօդուածները` համապատասխան լրացումներով, համաձայն իր թողած գրաւոր նշումներուն: Այս բաժնին մէջ տեղ են գտած նաեւ վեհափառի վերջին ամիսներու հայրապետական պատգամները եւ կարգ մը այլ պաշտօնական գրութիւններ:

Հատորի երկրորդ բաժինը` «Տօնական խոհեր եւ քարոզներ» ընդհանուր խորագրով, քաղուած է գլխաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթէն եւ «Հայրենիքը պատկերն է հայութեան» խորագրեալ, Ս. Էջմիածնի մէջ 2000-ին լոյս տեսած երջանկայիշատակ վեհափառի քարոզներու Ա. գիրքէն: Այս նիւթերը մեծ մասամբ հաւաքուած էին եւ վեհափառի տրամադրութեան տակ դրուած, որպէսզի ինք կատարէր անոնց ընտրութիւնը: Իր վախճանումէն ետք ինծի կը մնար անոնց ընտրութիւնը` միշտ ի մտի ունենալով իր պատկերացումը այս գրքի կազմութեան համար:

«Գարեգին Ա. կրթական կեդրոն» Լուսանկարներ՝ Ասատուր Խանճեանի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.