Գոնգորտիա համալսարանին մէջ՝ հարիւրամեակի զոյգ ձեռնարկ
- (0)

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի կազմակերպած եզրափակիչ ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Շաբաթ 12 Դեկտեմբեր 2015, Գոնգորտիա համալսարանի J.A. De Sève շարժապատկերի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «The 40 Days of Musa Dagh: A Historical Perspective» նիւթով բանախօսութիւնը՝ Carnegie Corporation of New York–ի նախագահ Վարդան Գրիգորեանի եւ Montreal Institute of Genocide and Human Rights Studies (MIGS) –ի տնօրէն փրոֆ. Ֆրանք Չոքի կողմէ:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Հարիւրամեակի Մարմնի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան, նշելով թէ այս անկիւնադարձային տարին կ’ուզեն փակել դիմադրութեան պատգամով: Ան ապա խօսքը փոխանցեց Գոնգորտիա համալսարանի նախագահ փրոֆ. Ալան Շեփըրտի: Համալսարանի նախագահը, ընդգծելէ ետք հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշանակութիւնը, ներկայացուց օրուայ գլխաւոր բանախօսին՝ տքթ. Գրիգորեանի կենսագրականը ու ապա՝ բեմ հրաւիրեց զայն: Տքթ. Գրիգորեան համապարփակ կերպով ներկայացուց Վերֆելի վէպին տուն տուող պատմական տուեալները ու ընդգծեց անոր պարունակած պատգամի մերօրեայ հնչեղութիւնը: Անոր յաջորդեց Փրոֆ. Ֆրանք Չոքի ելոյթը: Ան յատուկ կանգ առաւ թրքական ուրացման քաղաքականութեան վրայ ու ըսաւ թէ այս երեւոյթը անընդմէջ շարունակուելով՝ սկսած է այլեւս մաս կազմել թրքական ազգային ինքնութեան:
Միջոցառման երկրորդ բաժնով՝ փրոֆ. Չոք ներկայացուց “THE CALL FROM ARMENIA: Canada’s response to the Armenian Genocide” գրքի հեղինակ Արամ Աճէմեանը ու ապա զայն հրաւիրեց՝ ներկայացնելու գիրքը: Աճէմեան սահիկներու ցուցադրութեամբ պարզեց իր հետազօտական աշխատանքի արդիւնքը եւ ամփոփ ակնարկ մը նետեց գրքի ամէն մէկ գլխուն վրայ: Նշենք թէ այս գիրքը՝ կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մին է Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնին: Այս հրատարակութիւնը իր մէջ կը պարփակէ Գանատայի պետական արխիւներէն նոր յայտնաբերուած փաստագրական տուեալներ՝ 1895-էն մինչեւ 1920-ականները երկարող ժամանակահատուածին պատահած հայոց ողբերգութիւններուն ու ցեղասպանութեան մասին: Գիրքը լոյս տեսած է 2015-ի Մայիսին, «Բաստրմաճեան» ֆոնտի մեկենասութեամբ:
Երեկոն փակուեցաւ Արամ Աճէմեանի գրքերու վաճառքով ու հեղինակին կողմէ անոնց մակագրութեամբ: