Հայաստան Նուազագոյն Չափով Ենթակայ Է Ահաբեկչական Վտանգի
1698
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկին հրապարակած «Ահաբեկչութեան համաշխարհային ինտեքս-2015» զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստան ահաբեկչութիւններու նուազագոյն վտանգին ենթակայ երկիրներէն է: Հիմնարկի փորձագէտներուն կազմած վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստանը 116րդ դիրքի վրայ է: Վերջինը՝ 124րդ դիրքը կիսած են ընդհանուր առմամբ 39 երկիրներ:
Զեկոյցին մէջ Հայաստանի համար վտանգի տուեալ կը նկատուի այն, որ 2014ին յայտնուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 70 հայ մարտիկ միացած է քրտական ջոկատներուն՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ: Առաւել վտանգաւոր երկիրներէն են Իրաքը, Աֆղանիստանը, Նիճերիան, Փաքիստանը, Սուրիան: