Վերջին Հինգ Տարիներուն Աւելցած Է Թէ՛ Ամուսնութիւններուն, Եւ Թէ Ամուսնալուծումներուն Թիւը
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Յունուար-Սեպտեմբեր 2014ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 14 հազար 348 զոյգի ամուսնութիւն, ինչ որ 875ով աւելի է նախորդ տարուան առաջին 9 ամիսներուն հետ բաղդատած: 2010-2014ի ինը ամիսներու համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ 5 տարուան ընթացքին ամուսնութիւններուն ցուցանիշը աճած է 1306ով: Այս ցուցանիշները հրապարակած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
2014ի առաջին ինը ամիսներուն ամուսնութիւններուն մեծ մասը՝ 5237ը, արձանագրուած է մայրաքաղաքին մէջ: Մարզերէն ամէնէն աւելի ամուսնութիւնները կատարուած են Կոտայքի մէջ՝ 1345 զոյգ, իսկ նուազագոյնը Վայոց ձորի մէջ՝ 239 զոյգ: Վերջին հինգ տարիներուն աւանդաբար նուազագոյն ամուսնութիւնները արձանագրուած էին Վայոց ձորի մէջ:
Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է նաեւ ամուսնալուծումներուն ցուցանիշները, որոնք Յունուար–Սեպտեմբեր 2014ին եղած են 3547, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով 779ով աւելի է, իսկ վերջին 5 տարիներու կտրուածքով՝ 1279ով:
Երեւանի մէջ Յունուար-Սեպտեմբերին ամուսնալուծուած է 1277 զոյգ, մարզերուն մէջ ամէնէն աւելի ամուսնալուծուող կայ Լոռիի մէջ՝ 523 զոյգ, իսկ նուազագոյնը Վայոց ձորի մէջ՝ 63 զոյգ:
\n