Պիտի Կազմուի Վանի Պատմամշակութային Գոյքացուցակ


Վանայ ծովի կտուց կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցին։ Լուսանկարը՝ ՄՄաթիու Քարանեան

Ինչպէս կը յայտնէ «Dicle» լրատուական գործակալութիւնը, Վանի քաղաքապետարանը քաղաքի մշակութային գոյքացուցակը կազմելու ուղղութեամբ սկսած է աշխատանքներ կատարել: Այս աշխատանքներու ծիրէն ներս  գրանցուած է Շախուրփ մատուռը, Աղընի դիտաշտարակը եւ Ինքիօ եկեղեցին, որոնք մինչեւ այժմ գրանցուած չեն եղած:

Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը քաղաքի մշակութային գոյքացուցակը յայտնաբերելու եւ ապագայ սերունդին փոխանցելու համար կարեւոր աշխատանքներ  սկսած է: Հիմք ունենալով արխիւային եւ աղբիւրագիտական հետազօտութիւններէն ձեռք բերուած տեղեկութիւններն ու Վանի շրջանի պաշտպանութեան խորհուրդի գրանցամատեանը` կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ քաղաքի մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ընթերցումներ  կազմակերպուած է: Մասնագէտները քաղաքի պատմութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նախագիծին վերաբերեալ աշխատանքներ  կատարած են, որոնց ծիրէն ներս կազմուած է քաղաքի «Անշարժ գոյքի ցուցակի գրանցման քարտը»: Անշարժ մշակութային ժառանգութեան GPS համակարգերը վերցնելով` կատարած են թուային տուեալներու գրանցում, որ անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր անշարժ գոյքի համար:

Քաղաքապետարանը գրանցած է այն կոթողներըորոնք անցեալին չէին գրանցուած 

Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը աշխատանքներ  կատարած է Գեւաշ գաւառի Սելճուկլու գերեզմանատան մէջ, Հալիմէ Հաթուն դամբարանին, Յիշեթ ամրոցին, Իզզեթթին Շիր մզկիթին եւ մետրեսէին մէջ, այդ նոյն գաւառի Կեորիւնտու գիւղի եկեղեցւոյ, Հասպէյ մատուռին, Սուրբ Աստուածածին (Քըրմըզը) եկեղեցւոյ, Ալթընսաչ գիւղին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ, Ալթընսաչ գիւղի Վարիս վայրին` լիճի ափին, գտնուող եկեղեցւոյ, Ինքիօ եկեղեցւոյ, Սուրբ Թովմաս վանքին, Աղթամարի Սուրբ Խաչ վանքին եւ գերեզմանատան մէջ, Աղընի դիտաշտարակին եւ բնակավայրին մէջ, Տեւեբոյնու վանքին, Սուրբ Էթիեն վանքին եւ Շախուրփ վանքին մէջ: Մասնագէտները 16 մշակութային կոթողի մէջ` 4 վանք, 3 եկեղեցի, 2 մատուռ, 1 բնակավայր, 2 գերեզմանոց, 1 դամբարան, 1 ամրոց եւ 1 մզկիթ, աշխատանքներ  կատարած են, իսկ ընդհանրապէս չգրանցուած Ինքիօ եկեղեցւոյ, Աղընի դիտաշտարակի, եւ Շախուրփ մատուռի գրանցման համար պատրաստած են թղթապանակներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Վանի շրջանի մշակութային կողոթներու պահպանութեան խորհուրդին:

Կատարուած աշխատանքները լոյս պիտի տեսնեն գիրքին մէջ

Բացի կատարուած աշխատանքներէն եւ Վանի անշարժ մշակութային ժառանգութեան գոյքացուցակէն, ցայժմ չգրանցուած կոթողներու վիճակը որոշելէ եւ անյայտ կոթողները հաստատելէն ետք` Վանի շրջանի մշակութային կողոթներու պահպանութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն այն կոթողներու թղթապանակը, որոնք ցայժմ չեն գրանցուած: Մասնագէտները, դարձեալ կատարուող աշխատանքներու ծիրէն ներս, պիտի լուսանկարեն եւ չափագրեն քաղաքապետարանի կողմէ գրանցուած կոթողները: Բացի այդ, աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած կոթողները տեղ պիտի գտնեն հնագիտութեան եւ արուեստի պատմութեան գրականութեան մէջ: Կը նախատեսուի անշարժ մշակութային կոթողներու գոյքացուցակն ու քաղաքի մշակութային ժառանգութիւնը գիտական ծիրէն ներս քննել եւ վերածել գիրքի, որ հիմնարար աշխատութիւն կ’ըլլայ քաղաքի վերաբերեալ հետազօտութիւններուն մէջ: Վան այցելած զբօսաշրջիկներուն` քաղաքի վերաբերեալ գրքոյկներուն հետ մէկտեղ այն ընդգրկուն եւ լուսանկարներով հարուստ  աշխատութիւն մը կ’ըլլայ, որմէ կարելի կըլլայ օգտուիլ:

Ի յայտ պիտի բերեն բոլոր պատմական կոթողներու վիճակագրական տեղեկութիւնները

Վանի քաղաքապետարանի Հետազօտութիւններու եւ նախագիծերու վարչութիւնը աշխատանքային ծրագիր մը պատրաստած է, որ պէտք է իրագործել 2 տարուան ընթացքին: Նախատեսուող  շարք մը գիտական աշխատանքներու համար անշարժ մշակութային կոթողներու գոյքացուցակներու տուեալներու հիմք պիտի ստեղծուի: Ցայսօր անհասանելի կոթողներու վիճակագրութիւնը, հաստատուած եւ գրանցուած կոթողներու ցանկն ու գոյութիւն ունեցող կոթողներու վիճակագրութիւնը հասանելի պիտի դառնայ բոլորին: Բացի այդ GPS ծրագիրով քաղաքի սահմաններէն ներս գնտուող բոլոր պատմական կոթողները պիտի քարտէզագրուին եւ հասանելի ըլլան բոլորին:

http://www.diclehaber.com/tr/news/content/view/482315?from=22404788
Թարգմանեց Անահիտ Քարտաշեան
Akunq.net


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.