«Հորիզոն»ի 35-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ


Նոյեմբեր 1-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարանեան» սրահին մէջ հաւաքուած «Հորիզոն»ի հաւատարիմ ընթերցողներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրման 35-ամեակը, որուն ներկայ էին Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Արք. Բարիքեան, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Հայ տարեցներու միութեան ներկայացուցիչներ։ Օրուան պատուոյ նախագահն էր տիկին Պէրթա Հելլըր-Մինասեան։

Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անցնող 35 տարիներու ընթացքին, «Հորիզոն» հանդիսացած է գանատահայութեան պատմութիւնն ու առօրեան արտացոլացնող լրատուամիջոցը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Հորիզոն»ի 35-ամեակին առիթով նուիրահաւաքի նպատակն է զարգացնել «Հորիզոն»ի գիտարուեստի բնագաւառը եւ յատկապէս համացանցի իր կարողականութիւնը։ Ապա ներկայացուեցաւ «Հորիզոն»ի գործունէութեան մասին տեսանիւթ մը, որ պատրաստուած էր Սերժ Եսայեանի կողմէ։

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Համացանցի իր էջերով «Հորիզոն» ոչ միայն կը ներկայացնէ գանատահայ գաղութի, հայրենիքի եւ Արեւմտահայաստանի մեր ժառանգութեան ու մնացորդացի մասին ամէնօրեայ տեղեկութիւններ, այլեւ՝ թրքական պետութեան հակահայ քարոզարշաւին դիմադարձելով, թիրախ կը դառնանք եղեռնագործի վարձկան կայքահէններուն յարձակումներուն, կամ նշաւակ կը դառնանք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բուռն քննադատութիւններուն: Մենք կը գիտակցինք, որ տեղեկատուական պատերազմի (Information Warfare) մէջ ենք հակառակորդին հետ, եւ այդ քարոզչական-տեղեկատուական առճակատման Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսային խրամադիրքը վերապահուած է «Հորիզոն»ին: Այսօրուան մեր նուիրահաւաքը նպատակաուղղուած է հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գետարուեստի համացանցի ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք հակառակորդի քարոզչական ոտնձգութիւններն ու խեղաթիւրումները: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այսօրուան զօրակցական նուիրահաւաքով եւ մեր հաւատարիմ ընթերցողներու աջակցութեամբ, կը հասնինք այդ նպատակին»։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Համբիկ Գարայեան, որ յստակ գիծերու մէջ ներկայացուց «Հորիզոն»ի Horizon Online + ծրագիրը, որուն նպատակն է ուրուագծել եւ հունաւորել «Հորիզոն»ի համացանցային յետագայ ռազմավարութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ գիտարուեստի յարափոփոխ զարգացման հետ համահունչ ընթանալու համար, այսօր այլ լրատուամիջոցներու կարգին «Հորիզոն»ն ալ շուտով պիտի կերտէ թուայնացած իր նոր համակարգը։

Յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան «Հորիզոն»ին կամաւոր իրենց ծառայութիւններով օժանդակած Մանկապատանեկան «Հորիզոն»ի խմբագիրներ Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեանին եւ Անահիտ Պալեանին, լուսանկարիչ Մայք Թաշճեանին, սրբագրիչ Բաբգէն Թոփճեանին եւ նկարահանող Սերժ Եսայեանին։

 

 

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Արմէն Եգանեան եւ կարեւորութեամբ շեշտեց «Հորիզոն»ի դերակատարութիւնը լրատուական-քարոզչական մարզէն ներս, յատկապէս թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւի սանձազերծման մէջ իր յետագայ առաքելութեան մէջ։ Իր խօսքի աւարտին դեսպան Եգանեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պատուոգիրով պատուեց «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը, հայ ազգին մատուցած իր ծառայութիւններուն համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.