Քաշաթաղի Հայկազեան Շրջանին Մէջ Դպրոց Կը Կառուցուի
Հայկազեան համայնքի դպրոցականներ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Հայկազեան համայնքին մէջ դպրոց կը կառուցուի:
Ըստ նախագիծին՝ նորակառոյց դպրոցը պիտի ըլլայ տիպային, եռայարկ շինութիւն, ներառեալ՝ նկուղ ու ձեղնայարկ, եւ պիտի համապատասխանէ շինարարական արդի չափանիշներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան Դիմատետրի էջը:
Հայկազեանի կրթօճախը կը կառուցուի Լեռնային Ղարաբաղի պետական պիւտճէով: Արդէն աւարտած են նկուղային եւ առաջին յարկերու պատերու շարուածքը, աշխատանքներ կը տարուին առաջին յարկի ծածկի կառուցման ուղղութեամբ:
Հայկազեանի դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ հանդիսութիւններու դահլիճ: Կը նախատեսուի բակին մէջ կաթսայատուն կառուցել, իսկ դասարաններուն մէջ պիտի տեղադրուին ջեռուցման համակարգեր:
Նշենք, որ Հայկազեանը Քաշաթաղի հարաւային թեւի համայնքներէն է, կազմուած չորս բնակավայրերէ՝ Հայկազեան, Ջանֆիդա, Սահար եւ Դարբնոց: Դպրոցը ունի շուրջ 120 աշակերտ: