Գանատահայ Թինա Կարապետեանի Երազը 2018-ի Ողիմպիական Խաղերուն Հայաստանը Ներկայացնելն Է


Գանատայի Լաւալ քաղաքի «Քուրիյէ» օրաթերթը իր 24 Հոկտեմբեր 2015-ի թիւով կը գրէ, որ 18-ամեայ գեղասահքի մարզիկ Թինա Կարապետեան մեծ ջանք թափած է իրականացնելու համար 2018-ին Հարաւային Քորէայի մէջ Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իր երազը։ «Լաւալցին այժմ Հայաստանի տարազը կը կրէ», կը գրէ օրաթերթը՝ աւելցնելով, որ Թինա երկքաղաքացիութեան տէր է եւ Գանատան ներկայացնելու մեծ առիթներ չունէր, նկատի ունենալով որ Գանատան գեղասահքի մէջ նկատառելի ուժ մըն է եւ մանաւանդ որ շարք մը մարզիկներ աւելի լաւ առիթներ ունին ազգային խումբին մաս կազմելու։ Ահա թէ ինչու անոր այս որոշումը տեղին էր։

2012-ին, անոր պարի զոյգը Ալեքսանտր Լալիպերթէն էր, սակայն վեց ամիս առաջ սկսած է պարել Սիմոն Պրուլ-Սենեքալի հետ։ Անոնք Նիւ Եորքի մէջ Lake Placid Ice Dance Championships-ի երեցներու կարճ ծրագիրին մէջ ապահովեցին պրոնզէ մետալը, իսկ Պոփորի մէջ Souvenir George-լthier 2015 մրցանքին ապահովեցին երկրորդ դիրքը։

Անոնք այժմ կը գտնուին Աւստրիա, որմէ ետք Դեկտեմբերի սկիզբը Զաղրեպի մէջ պիտի ներկայացնեն Հայաստանը։ Անոնք պէտք է կարճ ծրագիրին մէջ ապահովեն 29 կէտ, իսկ երկարին մէջ 49 կէտ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցութեան իրաւասութեան տիրանալու համար։ Անկասկած, որ անոնք պիտի փափաքին լաւագոյն 24-ի շարքին ըլլալ Ողիմպիական խաղերու տոմսը ապահովելու համար։

Գանատահայ Թինա Կարապետեան 4 տարեկանէն ի վեր կը հետեւի այս գեղարուեստական մարզաձեւին։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.