Ատրպէյճանցիները Կը Պատրաստուին Հայերէն Սորվելու
1494
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի մէջ լոյս տեսած է «Հայոց լեզու» ուսումնական դասագիրքը. այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական «Թուրան»ը: Գիրքին հեղինակը գիտութիւններու դոկտ. Հաթամ Ճապպարլըն է:
Գիրքը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար եւ բաղկացած է 4 մասէ՝ հնչիւնաբանութիւն, ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն եւ բառակազմութիւն:
Նախաձեռնողներուն հաստատումով՝ գիրքը պիտի ծառայէ Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան պահպանման ու լրատուամիջոցներու ճամբով հայկական լրատուութեան հակադարձելու:
«Ձեռնարկը նոր կարելիութիւն պիտի տայ տեղեկատուական պատերազմի պայմաններուն մէջ աշխատող ատրպէյճանցի մասնագէտներուն համար», շեշտած են անոնք։