ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հարցազրոյցը ArmeniaTV-ի հետ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին
Անցեալ շաբաթ Ազգային Ժողովը սկսաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի քննարկումներուն, որոնք նաեւ յառաջիկային քաղաքական օրակարգի հիմնական հարցերը պիտի դառնան: Քաղաքական ուժերը, պայմանականօրէն բաժնուած են մի քանի խումբերու. սահմանադրական փոփոխութիւնները պաշտպանողներ, կամ, այսպէս կոչուած «Այո՛»-ի կողմնակիցներ, սահմանադրական փոփոխութիւնները արմատապէս մերժողներ կամ՝ «Ո՛չ»-ի կողմնակիցներ, եւ ուժեր, որոնք դէմ են փոփոխութիւններուն, սակայն չեն միացած «Ո՛չ»-ի ճակատին: Սահմանադրական փոփոխութիւններու ամենաաշխոյժ ջատագովներէն մէկը հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։ Այս մասին Հայաստանի «Արմենիա» հեռուստատեսութիւնը Սեպտեմբեր 20-ին հարցազրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ է: Հարցազրոյցը դիտել այս յղումով.
https://www.youtube.com/watch?v=WAFoVZPDj0E&feature=youtu.be