Եւրոպայի Կանաչներու Կուսակցութիւնը Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 15-ին` Լիոնի մէջ կայացած 23-րդ համաժողովին, ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ, որուն համաձայն` Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն իրագործած է հայ ժողովուրդի հանդէպ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ աշխատելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ հաշտեցում հաստատելու ուղղութեամբ:
Այս նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը կոչ կ՛ընէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռ չճանչցած բոլոր երկիրներուն հրապարակայնօրէն ճանչնալու զայն: Կուսակցութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս քայլը դրական պիտի անդրադառնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ եւ պիտի նպաստէ մարդկութեան հանդէպ յետագայ յանցագործութիւններու կանխման:
Բանաձեւը կը պահանջէ թրքական կառավարութենէն վերագնահատել պատմական եւ մշակութային նիւթերը, բանալ արխիւները պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ գիտնականներու առջեւ` փորձելով հաշտուիլ անցեալի հետ:
Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ բոլորը ունին սեփական պատմութեան ճանաչման եւ մշակոյթի հանդէպ յարգանքի իրաւունք:
«Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութեան ընդունած բանաձեւին նպատակն է յիշեցնել իւրաքանաչիւր երկրի, որ ան իր մասնաբաժինը ունի ներդնելու` յանուն առաւել խաղաղ աշխարհի: Սա է պատճառներէն մէկը, թէ ինչու Թուրքիան պէտք է այժմ դադրեցնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, ԵԽ-ի մէջ Կանաչներու խմբակցութեան փոխնախագահ, «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան Խորհրդատուական խումբի անդամ Միշել Ռիվազին:
Կանաչներու կուսակցութիւնը կը միաւորէ շուրջ 45 Կանաչներու կուսակցութիւն Եւրոպայի մէջ եւ ներկայացուած է արեւելեան Եւրոպայի գործընկերութեան երկիրներուն մէջ: