Հայ Իրաւաբանական Միութեան Կոչը՝ «Արմէն Ճամբար»ին Վրայ Յարձակումի Պատասխանատուները Պատժելու


 

0819ABA

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Արմէն ճամբար»ին շուրջ պահակութիւն կատարող՝ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի անդամ հայ երիտասարդներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումին մասին յայտարարութիւն մը տարածած է։

Արդարեւ, դատապարտելով Օգոստոս 13ին տեղի ունեցած յարձակումը՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ երաշխաւորեն «Արմէն ճամբար»ը հերթապահող երիտասարդներու ապահովութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, թէ անմիջական, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն պէտք է կատարուի յարձակումին կապակցութեամբ, որպէսզի պատասխանատուները բացայայտուին եւ արդար պատիժ ստանան։

Միութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Արմէն ճամբար»ը հայութենէն խլելու արարքը կը խախտէ Լօզանի դաշնագիրի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի շարք մը պայմանները՝ աւելցնելով, թէ իրաւականօրէն ճամբարը կը պատկանի Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէ Սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս գծով բողոքի ձայն բարձրացնեն ու պահանջեն ոչ միայն յարձակումի պատասխանատուներուն դատապարտումը, այլեւ՝ ճամբարին վերադարձը հայութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.