Աւստրալահայերը 50 Հազար Տոլար Կը Հանգանակեն Սուրիահայերուն Օգնելու Նպատակին
ՍԻՏՆԻ, «Եռագոյն».- Աւստրալիոյ մէջ սուրիահայերուն օգնելու նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած է 50 հազար տոլար: Դրամահաւաքը կազմակերպուած էր Յունիս 22ին: Առաջին շաբաթուան ընթացքին հաւաքուած էր 26 հազար աւստրալական տոլար, իսկ եզրափակիչ համերգի ժամանակ այդ թիւը հասած է 40 հազարի:
Հետարքրական էր, որ համերգին ներկայ եղած է ընդամէնը 120 հայ հանդիսատես: Մնացած 10 հազար տոլարը աւելցուցած են հայ գործարարները: Հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի նուիրաբերուի սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս հալէպահայութեան, որ այսօր կը դիմագրաւէ կենցաղային եւ անվտանգութեան լուրջ դժուարութիւններ:
Դրամահաւաքը կազմակերպած էին Աւստրալիոյ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ), Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը, Աւստրիոյ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը: