Վրաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա Ռազմափորձեր Կը Ծրագրուին
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Երեքշաբթի, Օգոստոս 19ին յայտարարեց, որ Վրաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա միացեալ ռազմափորձեր կը ծրագրուին։
\n Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք, որ առաջին անգամ ըլլալող կայացած էր Նախիջեւանի մէջ:
\n Նախարարները քննարկած են ռազմական, ինչպէս նաեւ քարիւղատարներու եւ կազատարներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։
\n Հասանով Նախիջեւանի մէջ մէկ օր առաջ ընդունած էր Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան՝ կարծիքներ փոխանակելով շրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
\n Եռակողմանի հանդիպման մասնակցելու նպատակով, աւելի ուշ Նախիջեւան ժամանած էր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ:
\n