1998-2008 Քըրք Գըրգորեան 220 միլիոն նուիրատուութիւն կատարած է Հայաստանին


Հայաստանի նախագահ (1998-2008) Ռոբերտ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին, Քըրք Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելով 220 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն կատարեց։

«Լինսի» հիմնադրամը որոշ չափով փոխեց Հայաստանի արտաքին պատկերը։

73 միլիոնի՝ ճանապարհաշինարարական եւ 14 միլիոն տոլարի՝ Երեւանի փողոցներու բարեկարգման աշխատանքներուն յատկացուած գումարները կարծէք ամրացուցին երկիրի զարկերակ-ճանապարհները, նոր տեսք տուին մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն, փողոցներուն եւ հրապարակներուն։ 
45 միլիոն տոլար յատկացուեցաւ երկրաշարժէն աւերուած բնակարաններու վերականգնման, որուն շնորհիւ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ կառուցուեցաւ 149 շէնք, ընդհանուր՝ 3674 բնակարանով։ Ասիկա կը նշանակէր, որ 3674 ընտանիքներ իրենց քայքայուած ու խոնաւ տնակներէն կը տեղափոխուէին բարեկարգ բնակարաններ, ահաւոր երկրաշարժի այս մէկ սարսափելի յուշը ձգելով անցեալի մէջ։

«Լինսի» հիմնադրամի «Մշակոյթ» ծրագիրին յատկացուած գումարը կը թուի, թէ այնքան ալ մեծ չէր, ընդամէնը՝ 18 միլիոն տոլար։ Այո, այդ գումարը մեծ չէր կատարուած հսկայական աշխատանքի համեմատութեամբ։ Ընդհանուր առմամբ հիմնովին վերականգնուեցաւ 34 մշակութային հաստատութիւն՝ 13 թատրոն ու համերգասրահ, 7 թանգարան ցուցասրահ, 9 տուն-թանգարան, 4 պատմամշակութային համալիր եւ Ծաղկաձորի համահայկական մարզական երիտասարդական ճամբարը։

Իր պատմական հայերնիքի վերաշինութեան աջակցելու մեծ բարերարի մտայղացումը իրականութիւն դարձաւ նաեւ աշխատաւոր մարդոց տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ։

Այսօր արդէն կարելի է փաստել, որ «Լինսի» հիմնադրամի իրականացուցած չորս ծրագիրները մեծ նշանակութիւն ունեցան հանրապետութեան կեանքին մէջ։ Ատոնց շնորհիւ 15-20 հազար մարդ ուղղակի կերպով ընդգրկուեցաւ շինարարութեան մէջ՝ չհաշուելով յարակից ոլորտներու աշխատուժը։ Ասիկա զգալիօրէն կրճատեց գործազրկութիւնը եւ աւելցուց բնակչութեան եկամուտները։ Նուազեցուց աշխատանքի համար արտասահման մեկնողներու թիւը։ Հաստատուեցան աշխատանքի որակի բարձր չափանիշեր։ Մեծ զարգացում ստացաւ տեղական արտադրութիւնը։ Հանրապետութեան մէջ արմատական կերպով բարելաւուեցաւ առեւտուրի միջավայրը։ Ծրագիրի իրականացումը նպաստեց հանրապետութեան ելեւմտական վիճակի բարելաւման։ Լուրջ նախադրեալներ ստեղծուեցան մշակութային կեանքի զարգացման համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.