Հայաստան Հիմնադրամը Քարին Տակի Մէջ Համայնքային Կեդրոն Կառուցած են
Յունիս 27-ին, “Հայաստան” հիմնադրամը հանդիսաւորութեամբ բացած է Քարին Տակ գիւղի (ԼՂՀ Շուշիի շրջան) նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, որ կեանքի կոչուած է Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի (հովանաւորներ` Տեվէճեան ընտանիք, Էքսերճեան ընտանիք, Գիրգոր Շիմշիրողլու) եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով:
Համայնքի համար նշանակալից օրուան առանձնակի ջերմութիւն հաղորդած էր արժանթինահայ բարերարներ Նշան Տեվէճեանի, Գիրգոր Շիմշիրողլուի, Պօղոս Էքսերճեանի ներկայութիւնը, որոնք հայրենիք ժամանած են մասնակցելու իրենց հովանաւորած ծրագիրներու բացումներուն:
Երկյարկանի ժամանակակից կառոյցը կը զարդարէ գիւղի մուտքը: Համալիր այս կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի տեղակայուին գիւղի բժշկական կեդրոնը, գիւղապետարանը, իսկ գրադարանի, համակարգչային սենեակի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի առկայութիւնը գիւղին մէջ նոր որակ պիտի հաղորդէ համայնքի կեանքին:
Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ գործող այսօրինակ համայնքային կեդրոնները` մէկ տանիքի տակ մէկտեղելով կարեւորագոյն ենթակառուցուածքները, կ՝օգնեն աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու համայնքի կենցաղը եւ տեղւոյն վրայ լուծելու շատ հարցեր:
2014թ.-ին արժանթինահայ բարերարներու միջոցներով նորոգուած է գիւղի դպրոցի մարզադահլիճը: Համայնքային կեդրոնի բացման առիթով ալ դպրոցականները գեղեցիկ մարզական համազգեստներ ստացան Տեվէճեան ընտանիքին կողմէ:
Աւելի քան 660 բնակիչ ունեցող Քարին Տակը` շնորհիւ Հիմնադրամի, այսօր ունի նաեւ շուրջօրեայ ջրամատակարարում, որ ներքին ցանցով հասանելի է համայնքի 160 տնտեսութիւններուն: Քարին Տակցիներու հիմնական զբաղմունքը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն է, բնակիչներու մէկ մասն ալ կ՝աշխատի Շուշի քաղաքի մէջ, որ կը գտնուի գիւղէն վեց քմ հեռաւորութեան վրայ:
Քարին Տակը յայտնի է իր հերոսամարտով, որուն ընթացքին գիւղացիները 1992 թ-ին յամառօրէն դիմադրելով ատրպէյճանական զինեալներու յարձակման` հերոսաբար ետ մղած են թշնամին եւ ազատագրած հայրենի գիւղը, որ գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով` այն ժամանակ միակ հայկական գիւղն էր Շուշիի մէջ: