Արցախի Հարցով՝ Պաքու Յոյսեր Կը Կապէ Ռուսիոյ Միջնորդութեան


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Ատրպէյճան՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գծով, իր յոյսերը կապած է Ռուսիոյ միջնորդութեան, նկատի ունենալով, որ Ռուսիա տարածաշրջանին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող երկիր է եւ անոր դիրքորոշումէն ու ազդեցութենէն շատ բան կախուած է», «Ռոսիա 24» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:
«Մեր միակ խնդիրը ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է, որ, մեր կարծիքով, կարելի է լուծել խաղաղ միջոցներով։ Այդ մէկը պիտի ըլլայ թէ՛ ատրպէյճանի եւ թէ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ի նպաստ իրագործում մը եւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու բարգաւաճման պիտի առաջնորդէ», ըսած է դեսպանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.