Լիբանանի Հայութիւնը 52,522 Տոլար Կը Հանգանակէ Յանուն Արցախի Հզօրացման


0516shoushi

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շուշիի ազատագրութեան 23ամեակին առիթով եւ Արցախի հզօրացման ի նպաստ Հինգշաբթի, 14 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 տեղի ունեցաւ ռատիօթոն մը, որուն ընթացքին լիբանանահայութեան հաւաքական ներդրումով կարելի եղաւ գոյացնել 52,522 տոլար:
Լիբանանի մէջ գործող «Արցախ ֆօնտ»ին կողմէ «Վանայ Ձայն»էն կատարուած ռատիօթոնին ընթացքին կատարուեցան հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան ֆոնտին աշխատանքները, Արցախի եւ մասնաւորաբար սահմանամերձ ազատագրուած տարածքներուն մէջ ձեռնարկուած ծրագիրները, որոնց ճամբով ֆոնտը կը մասնակցի արցախցիին ընկերային, առողջապահական, գիւղատնտեսական, դպրոցաշինութեան եւ շարք մը այլ մարզերու առնչուած կարիքները հոգալու ճիգին:
Լիբանանահայութեան իրենց պատգամները փոխանցեցին նաեւ հայ երեք յարանուանութիւններու պետերը:
Մայիս 14ին կատարուած ռատիօթոնին ճամբով լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, պատրաստ է ոչինչ խնայելու յանուն հայրենիքի հզօրացման:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.