Մայր աթոռը եւս կրնայ դատ բանալ Թուրքիոյ դէմ՝ գրաւեալ կալուածներու պահանջով


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը որ Ամերիկա կը գտնուի 100-ամեակի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս հոն կազմակերպելի միջոցառումներուն մասնակցելու համար, «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին յայտարարեց որ Մայր Աթոռն ալ կրնայ դատ բանալ Թուրքիոյ դէմ՝ գրաւեալ կալուածներու վերադարձուիլը պահանջելով։

 Ըստ վեհափառ Հայրապետին, Մայր Աթոռը տակաւին կ՚ուսումնասիրէ փաստաթուղթերը, արխիւային նիւթերը, պարզելու համար թէ ի՞նչ հիմեր կան սեփականութեան իրաւունքի պահանջ ներկայացնելու Թուրքիոյ։ «Յանձնարարած ենք որ ուսումնասիրութիւններ կատարուին եւ արխիւային փաստաթուղթեր վերհանուին։ Ասիկա լուրջ գործընթաց մըն է, որ լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը պահանջէ», դիտել տուաւ Վեհափառ Հայրապետը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.