Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Է. Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս


0509ecu2

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ՝

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915ին, ապա այն, ինչ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին, օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ, ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով. այլ խօսքով, ոճիր՝ ընդդէմ մարդկութեան», Մայիս 7ի երեկոյեան հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս, Ուաշինկթընի Ազգային Մայր տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդի ներկայութեան:
Շարունակելով իր խօսքը՝ կաթողիկոսը յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել՝ յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել, ապա ըսաւ. «Մենք յիշեցինք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները ու մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմեն: Նահատակները յիշել՝ կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը այլապէ՛ս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն՝ ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար՝ մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ»:
Իր խօսքի վերջին կէտին մէջ կաթողիկոսը շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ՝ ըսելով. «Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. մարդիկ չեն կրնար ուրիշներու իրաւունքները խլել: Մէկ ու կէս միլիոն հայու արիւնը թափած է, մեր ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլեւ՝ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի, երբ Թուրքիան կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներու հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ»։
Վեհափառ հայրապետին պատգամը յաճախակի առիթներով ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ, իսկ աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտի թարգմանը հանդիսացող հայրապետին խօսքերը:
Միջկրօնական արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որ իր կարգին ողջունեց վերջին շրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գործնական քայլի դիմած երկիրները եւ կոչ ուղղեց, որ միջազգային համայնքը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու վերականգնէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները:
Խօսք առնելով՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին՝ թէ՛ մարդասիրական օգնութեան ճամբով եւ թէ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Քոնկրեսի անդամներ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ եկած հայորդիներ:
Վեհափառ հայրապետներունն ամբողջական պատգամը անգլերէն լեզուով դիտելու համար, այցելել www.youtube.comwatch?v=ww UN8gDTmR8&spfreload=10 կայքէջը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.