ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Ընտրապայքարին


0519HDP Logo

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Մայիս 18 թուակիր յայտարարութեամբ մը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութեանց մասնակցող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրապայքարին, միաժամանակ կոչ ընելով Եւրոպայի տարածքին բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ նշեալ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկեն։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ այս որոշումը տրուած է նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շարք մը հարցերու մէջ երկու կողմերուն պաշտպանած արժէքներն ու մօտեցումները իրարու կը համապատասխանեն եւ Հայ Դատը քրտամէտ կուսակցութիւնը կը նկատէ յառաջադէմ ուժ մը Թուրքիոյ քաղաքական կենաքին մէջ, որ կը փորձէ երկիրին իրաւազրկուած ժողովուրդներուն իրաւունքները պաշտպանել։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛երաշխաւորեն ազատ եւ արդար ընտրապայքարներու եւ ընտրութեանց կայացումը, յաջողութիւն մաղթելով քրտամէտ կուսակցութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.