Թուրքիա Կը Դատապարտէ Արցախի Ընտրութիւնները


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «168.am»ի փոխանցումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Մայիս 3ին Արցախի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, ուր կ՛ըսուի.
«2015ի Մայիս 3ին «խորհրդարանական» ընտրութիւններ պիտի կայանան Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, որ աւելի քան 20 տարի բռնագրաւուած է Հայաստանի կողմէ: Այդ ընտրութիւնները յստակ կերպով կը խախտեն միջազգային օրէնքները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը ու ԵԱՀԿի սկզբունքները եւ կը վնասեն հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու գործընթացին: Կը դատապարտենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը խաթարող այդ քայլը եւ չենք ճանչնար այդ ապօրինի ընտրութիւններուն արդիւնքները: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար ու մնայուն կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.