Քիւրտերը Ինքնաքննադատական Կեցուածք Կ՛որդեգրեն Ցեղասպանութեան Հարցով

\n

\n ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Իսմայիլ Պեշիքճի» հիմնարկին մէջ կազմակերպուեցաւ աշխատաժողով մը, որ նուիրուած էր պատմաբան Նամըք Տինչի ղեկավարութեան ներքեւ պատրաստուած ծրագիրի մը, որ կը կոչուի «1915՝ Տիարպաքըր (Տիգրանակերտ) եւ Քիւրտերը»։
\n Աշխատաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նամըք Տինչ, որ դիտել տուաւ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ քիւրտերը այժմ աւելի ինքնաքննադատական կեցուածք որդեգրելու սկսած են։
\n Երեք բաժիններէ բաղկացած աշխատաժողովի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ փաստաբան Էրտալ Տողան, որ խօսեցաւ «Իրաւակարգը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը» նիւթին մասին։ Տողան ըսաւ, որ հայերն ու յոյները ներկայիս իրաւական իրաւունքներ չեն վայելեր, որովհետեւ՝ «մենք այնպէս կը վարուինք, որ իբր թէ յոյներ եւ հայեր գոյութիւն չունին»։
\n Աշխատաժողովի երկրորդ մասով, խօսք առաւ Օսման Գաւալա, որ ընդհանրապէս արտայայտուեցաւ հայկական Սփիւռքին մասին։ «Աշխարհիկ հաւաքականութիւն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւն» նիւթին շուրջ խօսելով՝ Գաւալա դիտել տուաւ, որ հայկական Սփիւռքը ստեղծուած է 1915ի Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդի տարտղնումով։ «Վերապրող հայերը ցրուեցան աշխարհի զանազան կողմերը եւ ստեղծուեցաւ Սփիւռք կոչուած հասկացողութիւնը», ըսաւ ան։ Գաւալա դիտել տուաւ, որ սփիւռքահայերուն մէկ մասը, հայկական իր ինքնութեան տէր կանգնելով՝ իրաւական գետնի վրայ խաղաղ միջոցներով իր իրաւունքները փնտռած է, իսկ բռնութեան դիմողներու թիւը փոքր եղած է։ «Բայց Սփիւռքը ընդհանրապէս խաղաղ արշաւներ կազմակերպելով է որ իր իրաւունքը փնտռած է միջազգային գետիններու վրայ։ Այս պահուն ալ հայերը կը շարունակեն նոյնը ընել եւ յաջող ընթացքի մէջ են։ Այսինքն, Թուրքիայէն դուրս կայ հայկական գոյութիւն մը, որ Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու եւ անոր ճանաչումը ապահովելու պայքար կը մղէ եւ ասիկա, անշուշտ, հարցը կը դադրեցնէ Թուրքիոյ ներքին մէկ խնդիրը ըլլալէ եւ զայն կը դարձնէ խնդիր մը, որ Թուրքիայէն դուրս կը մնայ եւ որուն լայնօրէն կը մասնակցին հայերը», աւելցուց ան։
\n Իսկ Նամըք Քեմալ Տինչ ըսաւ, որ քիւրտերը ներկայիս մեծ փափաք ունին խօսելու 1915ին հայերուն ապրած տառապանքներուն մասին։ Ըստ անոր՝ քիւրտերու այս տրամադրութիւնը ծնունդ կ՛առնէ անոնց այսօրուան տառապանքէն եւ պայքարէն։ «Այսօր քիւրտերը կը տուժեն։ Անոնք 30 տարիէ ի վեր իսկապէս մեծ տառապանք կը կրեն եւ այդ տառապանքին դէմ կը պայքարին։ Քիւրտերը իրենց ազատութիւնը կը պահանջեն, ստրկութեան դէմ պայքար կը մղեն։ Այս տեսանկիւնէն եթէ նայինք, ապա, իրականութեան մէջ, անոնց այս պայքարը բացէ ի բաց կը յիշեցնէ անցեալին հայերու կրած տառապանքը։ Այս պատճառով է որ քիւրտերը հիմա իրենց մորթին վրայ կը զգան անցեալին հայերու կրած տառապանքը եւ առաւել եւս պահանջքը կը զգան ինքնաքննադատութիւն ընելու», եզրակացուց Տինչ։\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.