«Հալէպահայութիւնը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Հայ Ժողովուրդին Համար», Կը Հաստատէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեան


Վերջերս Հալէպէն հասած տեղեկութիւնները համայն հայութեան մօտ սկսած են յաւելեալ մտահոգութիւն պատճառել: Պատերազմական գործողութիւնները եւ կենցաղային ծանր պայմանները Հալէպի ներկային ու ապագային համար հարցականներու դուռ կը բանան եւ անհանգստութիւն կը պատճառեն: Այս բոլորին մասին խօսելու նպատակով՝ Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2015ին «Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» կատարեցին միացեալ հարցազրոյց մը Հալէպ տուած իր այցելութենէն նոր վերադարձած, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին հետ: Ան հաստատեց, որ հալէպահայ գաղութը, հակառակ պատերազմական իրավիճակին պարտադրած բազմապիսի դժուարութիւններուն, տակաւին կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը, կ՛ապրի առօրեայ կեանքը, համապատասխան կառոյցներ կը շարունակեն նեցուկ հանդիսանալ եւ օժանդակել կարիքաւորներուն: Բ. Պչաքճեան ըսաւ, որ հակառակ անոր որ փորձեր կը կատարուին վիճակը իբրեւ խուճապային ներկայացնելու եւ խօսելու գաղութը պարպելու ընտրանքին մասին, սակայն ներկայիս նման բան գոյութիւն չունի, իսկ ունենալու պարագային, նման որոշում տալու իմաստով պէտք է խորհրդակցին հայկական բոլոր կառոյցները՝ պետական, կրօնական, քաղաքական կազմակերպութիւնները: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը հաստատեց, որ այսօր հալէպահայ գաղութին մէջ կան անհատներ, որոնք պատրաստ են պահպանելու այդ հարուստ պատմութիւնը եւ աւանդ ունեցող գաղութը:

Ստորեւ՝ հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ տակաւին նոր վերադարձած էք Հալէպէն, խնդրեմ՝ մեզի ներկայացուցէք Հալէպի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը, հալէպահայութեան ապրած կենցաղային պայմանները, պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքներուն տարողութիւնը, մանաւանդ որ վերջին հանգրուանին հոնկէ փոխանցուած լուրերը մտահոգիչ են:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Պատերազմական վիճակ մը բնականաբար դրական չըլլար, Հալէպն ալ արդէն երեք տարի է այդ կացութեան մէջ կը գտնուի: Քաղաքին մէջ պատերազմական վիճակ կայ, Հալէպը մէկ մուտք ունի, որ բանակին հսկողութեան տակ է, եւ պատերազմի առնչուող բոլոր երեւոյթները առկայ են հոն, ինչպէս՝ ելեկտրականութեան անջատում, ջուրի տագնապ, գործի դժուարութիւններ եւ այլն: Սակայն եթէ Հալէպի շուրջ կէս բնակչութիւնը արդէն գաղթած է, այսօր շուրջ երեք միլիոն անձ կ՛ապրի հոն, եւ անոնք իրենց առօրեայ կեանքը կ՛ապրին, դպրոցները բաց են, պետական քննութիւններուն կը պատրաստուին: Այսինքն՝ թէեւ պատերազմական իրավիճակ մը կայ, սակայն ատիկա գրեթէ երեք տարիէ առկայ է, եւ այսօր դիրքերուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ չկան:
Վնասներուն մասին խօսելով՝ ըսենք, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին է, որ հայահոծ շրջաններու պարագային քանի մը ռումբեր ինկան, հիմնականօրէն Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ «Վրացեան» կեդրոնի կողքը գտնուող շէնք մը փուլ եկաւ: Հոն փոխադրուած էր արդէն Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը՝ իր բոլոր գրասենեակներով եւ արխիւներով, եւ հոնկէ կը շարունակէր ծառայել ժողովուրդին: «Վրացեան» կեդրոնը ունեցած է վնասներ, սակայն այդքան ալ ծանր չեն, այլ անմիջապէս կարգաւորման աշխատանքներ տարուած են, առաջնորդարանի գրասենեակները արդէն փոխադրուած են աւելի ապահով յարկ, եւ յաջորդող օրերուն իսկ արդէն առաջնորդարանը իր գործունէութիւնը շարունակած է:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Հալէպահայութեան հաւաքական կեանքը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ, ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ, ճգնաժամին յարմարելու ինչպիսի՞ քայլերու դիմուած են:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Զարմանալի եւ նոյն ատեն շատ հետաքրքրական մթնոլորտ մը կայ Հալէպի մէջ: Կը յիշեցնէ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ժողովուրդին մէջ առկայ զօրակցութեան՝ մեր համակիր զանգուածին, կազմակերպութիւններուն, միասնակամութեան, որ կը տիրէր: Այսօր այդ միասնակամութիւնը կարելի է տեսնել հալէպահայ կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Օժանդակութեան կեդրոնական մարմինը, որ բաղկացած է բոլոր կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, յարանուանութիւններէն, շատ հեզասահ կերպով կը գործէ, շատ հետաքրքրական են այն թիւերը, որոնք տրուեցան: Արդարեւ, այսօր ամսական դրութեամբ 8 հազար նպաստ կը բաժնուի ընտանիքներուն, շուրջ հազարը՝ տեղացիներուն, ոչ հայերուն, սակայն մնացեալը այսօր ամսական դրութեամբ կը բաժնուի կարիքաւոր հալէպահայերու: Ատկէ անդին հաւաքական կեանքը, ձեռնարկները, ելոյթները եւ այլ նախաձեռնութիւններ շատ բնական ձեւով կ՛ընթանան: Հալէպ երկօրեայ կեցութեանս ընթացքին կային երկու ձեռնարկներ՝ պարախումբի ելոյթ, քանի մը շաբաթ առաջ կազմակերպուած է միջդպրոցական մրցաշարք մը, որ ցոյց կու տայ, թէ գաղութը կենսունակ է եւ աշխոյժ: Շատ հետաքրքրական է, որ «Վրացեան» կեդրոնին կրած վնասները արդէն երկու օր ետք վերացած են, վերաշինութեան աշխատանքներ կատարուած են, եւ այսօր «Վրացեան» կեդրոնը այն չէ, ինչ որ էր երկու շաբաթ առաջ: Նոյն շէնքին մէջ կը տեսնէք, որ պատանիները արդէն եկած են ժողովի: Այս մթնոլորտը շատ դրական է, որովհետեւ գաղութը իր կենսունակութիւնը կը պահէ, տրամադրութիւնը բարձր է, ճիշդ է, որ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ, սակայն կրցած է անոնց լուծում գտնել, կարիքաւորներուն հասնիլ: Ի պատիւ մեր տղոց՝ համակիր զանգուածին եւ կազմակերպութիւններու անդամներուն, ըսենք, որ այսօր անոնք պատնէշի վրայ են, պատրաստ՝ հասնելու կարիքաւորներուն, վիրաւորներուն, հիւանդներուն, տարբեր դժուարութիւններ դիմագրաւելով՝ այս տղաքը գետնի վրայ են: Ասիկա արդէն խրախուսիչ երեւոյթ է, միայն պատիւ կը բերէ մեր ժողովուրդին, որ կրցած է ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ պահել միասնակամութիւնը, ժողովուրդին կարիքներուն հասնիլ ու բաւարարել:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Հալէպն ու հալէպահայութիւնը սուրիական այլ քաղաքներու հետ կապի մէ՞ջ են:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Անշուշտ կապի մէջ են, սակայն այդ հեզասահ կապը չէ, ինչ որ էր նախապէս: Երբ կ՛ըսուի, որ մէկ ճանապարհ կայ Հալէպ մուտք գործելու, այդ ճամբան բաւական երկար է, այն չէ, ինչ որ էր նախապէս: Ասիկա արդէն տարբեր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը դնէ ժողովուրդը: Բայց ամբողջ ճամբան սուրիական բանակին վերահսկողութեան տակ է, կարելի է որոշ ժամերու դիւրութեամբ դուրս գալ քաղաքէն ու վերադառնալ, ծովեզերեայ շրջաններ երթալ փափաքողը շատ դիւրութեամբ կրնայ երթալ, անշուշտ՝ քիչ մը երկար ժամանակ տրամադրելով, բայց կապը կայ: Միակ դժուար հասանելի վայրը Գամիշլիի շրջանն է, ցամաքային ճամբայ չկայ Հալէպի եւ Գամիշլիի միջեւ, Գամիշլիէն Հալէպ գալ փափաքողը պէտք է Լաթաքիա երթայ օդանաւով, հոնկէ ցամաքի ճամբով ուղղուի Հալէպ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ առիթներով յայտարարած է, որ պատրաստ է հիւրընկալելու հայութիւնը: Տակաւին օրեր առաջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերը համակարգող յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեանը հետեւեալը ըսաւ. «Սուրիայից արտագաղթելու որոշում այնտեղ ապրող հայերը իրենց ներկայացուցչութեան միջոցով չեն արտայայտել: Այսինքն մենք որեւէ գործողութիւն չենք կարող անել: Մենք ելնում ենք իրենց կայացրած որոշումից, որ արտայայտում է այնտեղի հայկական համայնքի գործադիր եւ ներկայացուցչական մարմինների միջոցով: Իրենք ինչ որոշում կը կայացնեն, մենք էլ կ՛արձագանգենք դրան»:
Նաեւ հալէպահայ երեխաները Հայաստան տեղափոխելու մասին տեղեկութիւններ կային: Այս առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ըսել:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Ամբողջութեամբ գաղութ պարպելու հարց գոյութիւն չունի, կարիքն ալ, գէթ առայժմ, չի զգացուիր: Այսօր գաղութը իր կենսունակութիւնը ունի, եւ գաղութին մէջ կան անհատներ, որոնք որոշած են այդ գաղութը պահել մինչեւ վերջ: Հալէպահայութիւնը իր աւանդական արժէքներով, իր ունեցած հայեցի դիմագիծով, իր անցեալով, նոյնիսկ ներկայով ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար: Այս գաղութը շատ մեծ նպաստ բերած է Հայ Դատի աշխատանքներուն, 1988ի երկրաշարժի օրերուն, արցախեան ազատագրական պայքարին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ. այս գաղութը իր անհերքելի դերակատարութիւնը ունեցած է, եւ այսօր, եթէ մենք զանազան գաղութներու մէջ կը հանդիպինք տնօրէններու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու, անոնց մեծ մասը սուրիահայ գաղութէն են, յատկապէս հալէպահայեր են: Հետեւաբար այս գաղութը ունի պատմութիւն, որ միայն Ցեղասպանութեան յաջորդող հանգրուանին չի վերաբերիր, այլ 500-600 տարուան պատմութիւն է: Ուստի գաղութը պարպելու որոշում կամ նման մօտեցում գրիչի ծայրով կարելի չէ արտայայտել, այսպիսի որոշում համահայկական տարողութիւն պէտք է ունենայ, եւ նման որոշում ոչ թէ գաղութին պատասխանատուները պիտի տան միայն, այլ բոլոր մեր կառոյցները՝ պետական, կրօնական, քաղաքական կազմակերպութիւնները: Միայն ասոնք են, որ այս նիւթին առնչութեամբ կրնան խորհրդակցիլ, եւ եթէ կարիք կայ, տան նման որոշում: Բայց այսօր այդ վիճակին մէջ չենք. այսօր մենք կարիք ունինք համահայկական ճիգերու, որպէսզի այդ գաղութին նուազագոյն պէտքերուն հասնինք: Հոս կարելի է փոքր մէջբերում մը ընել. մենք պէտք է թեթեւցնենք այդ գաղութին դժուարութիւնները, ան առանձինը կրնայ դիմագրաւել այդ դժուարութիւնները, սակայն մենք պէտք է թեթեւցնենք զանոնք: Երբ կը նշեն, որ հայկական վարժարաններ յաճախող երեք հազար աշակերտ կայ հոն, ինչ որ պատկառելի թիւ է գաղութին թիւին հետ համեմատելով: Այս կը նշանակէ, որ մենք այդ երեք հազար աշակերտներուն պէտք է օգտակար դառնանք: Եթէ կ՛առաջարկուի, որ այդ երեխաները մթնոլորտ փոխելու համար դպրոցական տարեշրջանի աւարտին արձակուրդի համար Հայաստան երթան, հայրենիքի մէջ կ՛ազդուրուին, ինչո՞ւ չէ: Սակայն գաղութը պարպելու առումով խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու, գաղութի պատասխանատուներուն կողմէ առանձինն նման որոշումի կայացման առնչուող բան չկայ, չի ալ կրնար ըլլալ: Այս պատասխանատուութիւնը բոլորիս է, մենք է, որ միասնաբար եւ խորհրդակցաբար նման որոշում պիտի տանք, եւ եթէ, եթէն կը շեշտե՛մ, որովհետեւ այսօր սեղանի վրայ նման բան չկայ, նման որոշում պիտի տրուի, ուրեմն նաեւ պէտք է մտածուի նման քայլի մը հետեւանքներուն մասին: Երբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէկ պաշտօնակատարը կը յայտարարէ, որ մենք պատրաստ ենք ընդունելու, պէտք է ճշդել ու յստակացնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «պատրաստ ենք ընդունելու» եզրը գործնականօրէն, շատ մանրամասնութիւններ կան այս եզրին ետին, որոնք պէտք է յստակացուին: Ուրեմն, այս հարցը միասնաբար քննուելիք հարց է, արդէն իսկ ասիկա խորհրդակցութեան առարկայ է, եւ արդէն մենք այս առնչութեամբ կապի մէջ ենք պետական եւ եկեղեցական շրջանակներու հետ, որպէսզի ճշդուի, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կան: Մեր ընելիքը այսօր միջազգայնօրէն, համահայկական իմաստով հալէպահայութեան համար դրական պայմաններ ստեղծելն է՝ անոր դժուարութիւնները թեթեւցնելու նպատակով: Իսկ երկրորդ հանգրուանին, անոնք, որոնք կը փափաքին գաղութը ձգել, մենք պէտք է ուղղորդենք զանոնք դէպի հայրենիք, անոնց այս փոխադրութիւնը դիւրացնել, հետեւանքները թեթեւցնել, պայմանները ստեղծել, որպէսզի եթէ անոնք նման որոշում տուած են, Հայաստանի մէջ անոնց կեցութիւնը ձեւով մը ապահովուի:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Կան որոշ լրատուամիջոցներ, որոնք ճգնաժամային կացութեան մասին լուրեր հաղորդելով՝ խուճապային մթնոլորտ կը ստեղծեն: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առնչութեամբ:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Ես խուճապային մթնոլորտ չտեսայ Հալէպի մէջ, ընդհակառակը, քիչ առաջ յիշեցի ձեռնարկներուն տարողութիւնը: Որոշեցինք գաղութին հետ հանդիպում մը կայացնել, սակայն ազատ սրահ կարելի չեղաւ գտնել: Այսօր կացութիւնը այն չէ, ինչպէս որ կը պատկերացուի ու կը փոխանցուի կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ փորձ կը կատարուի խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու: Նման անպատասխանատու արտայայտութիւններ միայն վնաս կը հասցնեն, մենք պէտք է լրջօրէն քննենք իւրաքանչիւր հարց, ապա յայտարարութիւններ տարածենք: Ես ալ կարդացի եւ ականջալուր եղայ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն լուրին, որուն մէջ կը նշուի, թէ Հալէպէն Երեւան հասնելու համար անհատ մը ի՛նչ ծախսեր ունի: Ասիկա անպատասխանատու քայլ է, ի՞նչ կը նշանակէ այդ ծախսերը թուագրելը: Այսօր մենք ազգովին պէտք է այս մտահոգութիւնները կիսուինք. եւ երբ ազգովին կ՛ըսեմ, նկատի ունիմ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցիները, նաեւ՝ քաղաքական կազմակերպութիւնները: Մենք արդէն իսկ խորհրդակցութեան մէջ ենք, արդէն քննարկումներ կը կատարուին, ուստի ասիկա պէտք է իր լրումին հասցնել. կրկնեմ, որ կայ երկու ուղղութիւն. առաջինը՝ գաղութը պահել, անոր դժուարութիւնները թեթեւցնելով, իսկ երկրորդ՝ գաղութէն դուրս գալ փափաքողներուն համար դրական պայմաններ ստեղծել, որպէսզի անոնք ուղղորդուին դէպի հայրենիք:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Ըսիք, որ գետնի վրայ երեք տարիէ ի վեր կացութիւնը չէ փոխուած, հակամարտող կողմերը գրեթէ նոյն դիրքերու վրայ են. եթէ ճգնաժամ ստեղծուի, այս պարագային ինչպիսի՞ քայլեր կը նախատեսուին:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Այդ մասին չեմ կրնար բացայայտումներ ընել, սակայն ինչ որ զգացի, թէ՛ տեղւոյն մարմիններուն կողմէ եւ թէ այլապէս միջոցառումներ ձեռք առնուած են: Այդ իմաստով աշխատանքը ընթացքի մէջ է, բայց այսօր նման բանի կարիքը չի զգացուիր: Մտածուած է այդ մասին, պէտք եղած միջոցառումներուն դիմուած է: Ես միայն յարգանքով եւ հիացմունքով կրնամ արտայայտուիլ այն ժրաջան աշխատանքին մասին, որ տարուած է այդ իմաստով: Գնահատելի աշխատանք է, որ միայն դրուատիքի արժանի է, եւ մենք այդ առնչութեամբ միայն երախտագիտութիւն կրնանք արտայայտել: Այդ գաղութը այսօր իր այս վիճակով արդէն ինքնաբաւ է, բայց կարիքը ունի նաեւ մեր համահայկական զօրակցութեան թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ բարոյական գետնի վրայ: Այսինքն, վերջ ի վերջոյ, ճիշդ է, որ դժուար են պայմանները, բայց պէտք է այս շրջանին պատասխանատու անձեր, կղերականներ երբեմն երբեմն այցելեն գաղութ, խրախուսեն, ատիկա շատ բան կը փոխէ ժողովուրդին մօտ: Ժողովուրդը ինքզինք առանձին պէտք չէ զգայ: Ժողովուրդը տէր ունի, եւ այդ տէրը մենք բոլորս ենք:

Վարեց՝ ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.