Եւրոպական Կուսակցութիւնը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ


Եւրոխորհրդարանի «Եւրոպական ազատ դաշինք» (European Free Alliance, EFA) կուսակցութիւնը ՄԱԿի երկիրներուն կոչ ըրած է ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Յայտարարութիւնը կատարուած է Ապրիլ 16-18ին Գերմանիոյ մէջ կայացած կուսակցութեան տարեկան վեհաժողովին ըմթացքին:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Եւրոպայէն դուրս EFA-ը կը նկատէ անկայունութեան աճ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Մեկնելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ դասերէն, EFA-ը կոչ կ՛ընէ կառավարութիւններուն եւ կազմակերպութեանց՝ կանխելու բռնութիւնը՝ քաղաքական եւ ընկերային խնդիրները լուծելու համար: Պատերազմն ու ցեղային զտումները երբեք պէտք չէ կրկնուին: EFA-ը կոչ կ՛ընէ ՄԱԿի երկիրներուն՝ ժողովրդավարութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներուն համապատասխան, ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը՝ որպէս անկախ պետութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը EFA-ի համար առանցքային կարեւորութիւն ունի: Մենք չենք փափաքիր միայն պաշտպանել պետութեան մէջ ինքնորոշման իրաւունքը, այլ նաեւ կ՛աջակցինք այդ ինքնորոշման արդիւնքով յառաջացած նոր պետութիւններուն: EFA-ը ջանքեր կը գործադրէ այդ «չճանչցուած, սակայն տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւններուն» օգնելու համար»:
Վեհաժողովին մասնակցած է ԼՂՀ ներկայացուցիչ, Ղարաբաղի խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան: Լիագումար նիստին ընթացքին ան ներկայացուցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ անոր յառաջիկայ ծրագիրները: Յաջորդած քուէարկութեան ընթացքին Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ընկերակցութեան անդամի իրաւունքներով միաձայն ընդունուած է EFA-ի կազմին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.