Թուրքիա Պէտք Է Հաշտուի Սեփական Անցեալին Հետ. Արամ Ա.-ի Հարցազրոյցը New York Times-¬ին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին ամերիկեան հեղինակաւոր New York Times պարբերականի հետ զրուցած է Սիսի կաթողիկոսարանը ետ վերադարձնելու նպատակով Թուրքիոյ դէմ ներկայացուցած հայցին մասին: «Արմէնփրես»­ ի փոխանցմամբ, ան յայտնած է, որ դատական հայց ներկայացնելու մասին որոշում կայացուցած է 30 իրաւաբանի, որոնց շարքին եւ Թուրքիայէն մասնագէտներու հետ խորհրդակցելէ ետք:

Ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մեծ է եկեղեցւոյ դերը` Արամ Ա. կաթողիկոս նշած է. «Կը կարծեմ, որ հարիւր տարի անց արդէն շատոնց ժամանակն է, որ մենք շեշտը դնենք փոխհատուցման վրայ»: «Ասիկա առաջին իրաւական քայլն է: Ասոր պիտի յաջորդեն մեր պահանջները` վերադարձնելու բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան հողերը եւ, ի վերջոյ, անհատական սեփականութիւնները: Մենք պէտք է առաջ երթանք քայլ առ քայլ»,­- ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը:

Ան տեղկացուցած է, որ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը դեռ որեւէ պատասխան չէ տուած իրենց ներկայացուցած հայցադիմումին, եւ թերեւս դատաւորները զայն պարզապէս անտեսած են: Այդուհադերձ թրքական Քոզանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Օզթուրքը հայկական կողմին ներկայացուած դիմումին անմիջապէս արձագանգած էր` նշելով. «Նոյնիսկ փոքր հողակտոր մը պիտի չտրուի որեւէ մէկուն»:

Արամ Ա. կաթողիկոս, որ երբեք չէ այցելած Սիսի կաթողիկոսարանի տարածք, նշած է, որ մտավախութիւն ունի, թէ թրքական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւններով վերացուցած են այդտեղէն հայկական ինքնութեան հետքը: Ան նաեւ յայտնած է, որ իրենց դիրքորոշումը դատական գործընթացի մէջ հակառակ է քրիստոնէական արժէքներէն մէկուն` ներողամտութեան: «Ներողամտութիւնը կու գայ, երբ կայ խոստովանանք, զղջում, մեղքի ընդունում: Հաշտեցումը մեր համամարդկային արժէքներու եւ հաւատքի մէկ մասն է, բայց նախ եւ առաջ Թուրքիան պէտք է հաշտուի սեփական անցեալի հետ»,-­ ըսած է Արամ Ա. կաթողիկոս:

Եկեղեցւոյ առաջատար փաստաբան Փայամ Ախաւանը, որ եւս տուեալ գործին մէջ ներգրաւուած իրաւաբաններէն է, ամերիկեան պարբերականին հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ թրքական դատարանին կողմէ մերժում ստանալու պարագային հայցը պիտի տեղափոխուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: «Մենք սեփականութեան պահանջ  ներկայացուցած ենք: մենք չենք խնդրեր, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր պահանջը շատ գործնական է»,-­ նշած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.