Հայ Երիտասարդներու Լուռ Նստացոյցը՝ Սթրազպուրկի Հրապարակին Վրայ


ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- Ապրիլի 24ին նախատեսուած բողոքի մեծ ցոյցէն առաջ, Շաբաթ, Ապրիլ 18ին, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ Հայորդի երիտասարդաց միութիւնը լուռ նստացոյց մը կատարեցին: Երիտասարդները պարզեցին պաստառներ` պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում:

Նստացոյցի կազմակերպման եւ առաւելագոյն տեղեկատուութիւն ապահովելու համար Արմէն Սարգսեան վարձած էր MIDAS յայտնի PR ընկերութիւնը:

Նստացոյցի ընթացքին հայ երիտասարդներուն միացած են Եւրոպայի մէջ գործող Թուրքիոյ աշխատաւորական համադաշնութեան (ATIK _Confռdռration des Travailleurs de Turquie en Europe) ներկայացուցիչներ, որոնք վանկարկած են՝ «Մենք` բոլորս հայ ենք»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.