Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Արտահերթ Նիստը՝ Ի Յիշատակ Ցեղասպանութեան 100ամեակին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արտահերթ նիստ մը:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան ըսած է, որ արտահերթ նիստը բաւական երկար տեւած է, քանի որ ներկայ եղած բոլոր կուսակցութիւնները եւ բազմաթիւ պատգամաւորներ փափաքած են ելոյթ ունենալ:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Սուզաննա Պերէյրա իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատած է երկիրին մէջ հայ ժողովուրդի յիշողութեան պահպանումը եւ խօսած է հայ եւ ուրուկուէյցի ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին՝ շեշտելով, որ տեղւոյն հայ համայնքը մեծագոյն ներդրում ունեցած է այդ բարեկամութեան կայացման գործին մէջ: Ան պատմած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայացած ընտրութիւններուն ընթացքին իր դիտորդական առաքելութեան մասին:
Երեսփոխան Խորխէ Կուէքճեա պատմած է իր հայկական ծագումին մասին՝ նշելով, որ իր մայրը, որ Ցեղասպանութեան ատեն 8 տարեկան էր, փրկուած է թուրքերէն, պահուըտելով անապատի քարանձաւներէն մէկուն մէջ: Սակայն գաղթի ճամբուն վրայ հազարաւոր փոքրիկներ նոյն ճակատագիրը չեն ունեցած:
Կիյէրմօ Ֆասելօ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի կարեւորութեան մասին, աւելցնելով, որ պէտք չէ տարբերութիւն դրուի Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:
Ներկայացուցիչ Տանիէլ Ռատիօ, պատասխանելով Ցեղասպանութեան փաստերուն մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեանց, ըսած է. «Հայ ժողովուրդը քարոզչութեան կարիք չունի: Անոր համար կան խորհրդարաններ։ Անոր համար կայ Ուրուկուէյի խորհրդարանը եւ մենք այս մէկը կ՛ընենք առանց մեղքի զգացումի, առանց բարդոյթներու, քանի որ մենք գիտենք, որ մեր ըրածը բարոյական է եւ գիտենք, որ 50 տարի առաջ, այս նոյն շէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ ընդունողները բարոյական էին եւ քարիւղով աղտոտած չէին»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.