Թուրքիա «Մաքրագործա՞ծ» Է Իր Արխիւները


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սպանական «Էլ Մունտօ» հեղինակաւոր թերթը խմբագրական մը հրապարակելով, ուշագրաւ դիտարկում մը ըրած է եւ հաղորդած, որ թէեւ Թուրքիա հանդէս կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով պատմաբաններու յանձնաժողով հիմնելու հարցին ի նպաստ եւ կը յայտարարէ, որ Օսմանեան կայսրութեան արխիւները բաց են, կարգ մը պատմաբաններ վստահ են, որ այդ փաստաթուղթերը «մաքրագործուած» են։
Պատմաբաններու կարծիքով՝ ժամանակին մաքրագործուած են այն փաստաթուղթերը, որոնք առանցքային նշանակութիւն կրնային ունենալ՝ հասկնալու համար թէ ի՞նչ պատահած է 1915ին։
«Կիրքերը երբեք այնքան բորբոքած չէին, որքան այս օրերուն, 100ամեակի սեմին։ Եւրոմիութիւնը օգտուեցաւ առիթէն, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն կոչ ուղղէ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու շուրջ։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունն ալ «դաժան յանցագործութիւն» անուանեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատահած կոտորածները, խուսափելով «Ց» տառով սկսող բառը գործածելէ։ Առայժմ չեն յայտնաբերուած փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատէին քրիստոնեաներու՝ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու քաղաքական ծրագիրը։ Սակայն գոյութիւն ունին դիւանագէտներու զեկուցումներ, որոնց մէջ կը յիշատակուի բռնագաղթերու ընթացքին քաղցէն, ծարաւէն ու հիւանդութիւններէն զանգուածային կոտորածներու մասին», կը գրէ թերթը։ Միւս կողմէ, գերմանական «Die Tageszeitung» թերթի Պոլսոյ թղթակից Եուրկեն Կոթշլիկ, որ այս ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ գիրք մը հեղինակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ դերակատարութեան մասին, «Էրմենիհապեր»ի մէկ հարցումին պատասխանելով՝ ըսած է. «Թէ՛ թրքական, եւ թէ գերմանական արխիւներուն մէջ կան հսկայ քանակութեամբ փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իսկապէս տեղի ունեցած է: Էրտողանը հայերուն կը հրաւիրէ արխիւները ուսումնասիրելու, քանի որ ինքն ալ տեղեակ չէ թէ այնտեղ ինչեր կան: Թրքական արխիւները «մաքրագործուած» չեն, ինչպէս կը կարծեն հայերը», միաժամանակ կոչ ընելով Հայաստանին, որ ընդունի պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու Թուրքիոյ առաջարկը, քանի որ բոլոր փաստերը պիտի վկայեն Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.