Բրիտանիքա Հանրագիտարանը «Կոտորածներ»-ը Փոխարինած է «Ցեղասպանութիւն»-ով


ԼՈՆՏՈՆ, «Փանորամա».- Հանրայայտ «Encyclopedia Britannica» հանրագիտարանը խմբագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածը` «Armenian massacres»-ը («հայերու կոտորածներ»-ը) փոխարինելով «Armenian Genocide» («Հայոց Ցեղասպանութիւն») վերնագիրով:

Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1918թթ.) հայերու դէմ դաժան արշաւ էր: Հարիւր հազարաւոր մարդոց սպանութիւնը գիտնականներու եւ կառավարութիւններու թէժ քննարկումներու առարկայ դարձած է: Հայերը կը նշեն, որ արշաւը հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու կանխամտածուած փորձ էր, այսինքն` ցեղասպանութիւն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը դիմադրէ եւ կը հրաժարի ճանչնալէ զայն որպէս այդպիսին` պնդելով, որ թէեւ վայրագութիւնները տեղի ունեցած են, բայց հայերու դէմ` որպէս խումբի, բնաջնջման պաշտօնական քաղաքականութիւն չէ եղած»:

«Բրիտանիքա հանրագիտարանը» ներկայիս հրատարակուող համապարփակ հանրագիտարաններէն հնագոյնն է. տպագրուած է 1768–71-ին, Էտինպուրկի մէջ: Նախապէս եղած են դէպքեր, երբ Հայաստանի վերաբերեալ նիւթերը հանրագիտարանին մէջ աղաւաղուած ներկայացուած են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.