Կալիփոլիի Արարողութեան Մասին Հաղորդումին՝ Ծիծեռնակաբերդի Մասին Տեսանիւթը Ցուցադրուած Է
1280
0
ՊՈԼԻՍ.- Ապրիլ 24ին, թրքական CNBC պատկերասփիւռի կայանէն, կայանին անձնակազմը այնպիսի սխալ կատարած է, որ գայթակղութիւն յառաջացուցած է երկրին մէջ:
Արդարեւ, երբ հաղորդավարը Կալիփոլիի միջոցառման մասին սկսած է հաղորդելու, պաստառին վրայ յայտնուած են Երեւանի մէջ ընթացող Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումէն տեսարաններ: